image

Պլինքըն Ալիեւ զրոյց. Քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային պարտաւորութիւններու կատարումը

Պլինքըն Ալիեւ  զրոյց. Քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային պարտաւորութիւններու կատարումը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըր մամուլի հաղորդագրութիւն տարածած է, որուն մէջ նշուած է Պլինքըն-Ալիեւ հեռախօսազրոյցի մասին:

«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն այսօր զրուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ վերահաստատած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն ողջունած է կողմերու միջեւ վերջին առաջընթացը, ներառեալ սահմաններու սահմանազատման կարգաւորման շուրջ համաձայնութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան՝ Պլինքըն ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը այս տարուան վերջին Պաքուի մէջ COP 29-ի յաջող կայացման: Արտաքին գործոց նախարարը եւ նախագահ Ալիեւը քննարկած են տարածաշրջանային եւ երկկողմ համագործակցութեան ոլորտները, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու ոլորտի մէջ միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման կարեւորութիւնը: