image

«Պիտի շարունակենք նեցուկ կանգնիլ Այնճարին».Նշան Տէր Գալուստեան

«Պիտի շարունակենք նեցուկ կանգնիլ Այնճարին».Նշան Տէր Գալուստեան

Ստորեւ մեր զրոյցը՝ բնիկ Մուսալեռցի նկարիչ, հասարարական գործիչ՝ Նշան Տէր Գալուստեանի հետ:

-Պրն. Գալուստեան երկար ժամանակէ ի վեր բնակութիւն հաստատած էք Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու եւ ամէնօրեայ հոգսերու Ձեր կապը չէք խզած ծննդավայր՝ Այնճարի հետ։ 

Ի՞նչ է այն մագնիսական ուժը, որ Ձեզ կը կապէ Այնճար հայաւանին։

Աներեւակաելի մագնիսական ուժ մը կը կապէ զիս Այնճարին։ Ես Այնճար չեմ ծնած, բայց ութ տարեկանիս հոն փոխադրուած եմ, հայրով եւ մայրով Մուսալեռցի եմ։ Այնճարի մէջ յաճախած եմ Հայ Աւետ. Երկրորդական վարժարանը։ Պատանեկութիւնս եւ երիտասարդութիւնս հոն է որ անցուցած եմ։ 1977-ին դասաւանդած եմ «Ազգային Յառաջ վարժարան»ին մէջ։ Ուսուցչութեան այդ մէկ տարին զիս աւելի կապեց Այնճարին եւ յատկապէս գիւղի տարեց խաւին հետ։ Այս ձեւով աւելի մօտէն ճանչցայ Այնճարը։

 

-Այս բոլորին զուգահեռ եւ հակառակ կենցաղային խնդիրներուն, Ձեր կեանքին մէջ տեղ մը յատկացուցած էք նկարչութեան։ Ուրկէ՞ կը բխի նկարչութեան հանդէպ առկայ Ձեր սէրը եւ ի՞նչն է Ձեր ներշնչման աղբիւրը։ 

Բնութիւնը կը սիրեմ, հետեւաբար նկարչութեան ներշնչման աղբիւրս բնութիւնն է, բնութեան տեսարաններն են։ Բաւական փոքր տարիքէս սկսած եմ նկարել։ Ծնողքս եւ բարեկամներս քաջալերած են զիս, բայց նկարչութեան լրջօրէն նուիրուեցայ Ամերիկա հասնելէս վերջ։ Երբ Ամերիկեան համալսարանի մէջ կ՚ուսանէի, նկարչութեան նուիրուած ընտրովի ընտրովի չորս դասապահ վերցուցի։Բաւական լաւ դասախօսներ ունեցայ, որոնց՝ վրաս ձգած ազդեցութիւնը հիմա կը զգամ։ Ինչպէս ըսի, նկարչութեանս թեման բնութիւնն է, իրապաշտ ոճով։ Բնութիւն նկարելը ինծի ուրախութիւն եւ հանգստութիւն կը պանճառէ։Պատկերը դիտողն ալ հանգստութիւն եւ ուրախութիւն կը զգայ, քանի որ ինչ որ կը տեսնէ, այդ կը ստանայ, առանց որեւէ բարդութեան, առանց մտածելու, թէ այս նկարը ինչ կը նշանակէ, կամ ինչ «պատգամ» կը հաղորդէ։ Այն ինչ, որ կայ, շատ պարզ ձեւով ներկայացուած է։ Երբ 2000 թուականին Հայաստան այցելեցի, եկեղեցիներով շատ տպաւորուեցայ։ Երբ վերադարձայ Ամերիկա, որոշեցի իւղաներկով հայկական եկեղեցիներ նկարել եւ այդ ծրագիրը յաջողցուցի։ Անկէ ետք, որոշեցի Մուսալեռը, Այնճարի ժողովուրդին կենցաղը, ապրելակերպը, Այնճարի բնութիւնը ներկայացնել կտաւներուս մէջ։

 

-Արդի դարուս մարդուն համար արուեստը առաջուան նման մտասեւեռում մը դադրած է ըլլալէ։ Առօրեայ բարդութիւններ, մեր դարու կեանքը դարձուցած են աւելի մակերսային եւ անիմաստ ըլլալու չափ անհետաքրքրիր։ Այս բոլորին ի տես ինչպէ՞ս կը շարժի արուեստի հոտառութիւն եւ սէր ունեցող՝ Նշան Տէր Գալուստեանը եւ իր առած քայլերը բաւարարութիւն մը կը բերե՞ն անոր տագնապող հոգիին։

Նկարչութիւնը, որ կ՚ընեմ, ինծի համար ապրուստի միջոց չէ։ Ան իմ ձիրքս է եւ կը սիրեմ անով զբաղիլ, միեւնոյն ատեն, այս ճամբով իմ ժողովուրդիս բան մը տուած կ՚ըլլամ։ Այս նպատակով է, որ կ՚ընեմ։ Ճիշդ է, որ ժողովուրդը, այս օրերուն մշակոյթով շատ հետաքրքրուած չէ, եւ մեր՝ հայկական մշակութային կեդրոնները, կազմակերպութիւնները առաջուան պէս բարգաւաճ չեն, սակայն այս բոլոր պատճառները զիս ներշնչումէ եւ գծելէ չեն զրկեր։ Յաճախ կը նկարեմ, որոշ նկարներ ալ կը վաճառեմ, բայց ինչպէս որ ըսի, իմ նիւթական առօրեայ ապահովութիւնս նկարչութենէն չէ։ Երբեմն շատ կ՚արտադրեմ, երբեմն՝ աւելի նուազ, նայած տրամադրութեանս Նկարչութեան պիտոյքս միշտ մէջտեղն է, ամէն անգամ որ առիթը ունենամ, կ՚անցնիմ «գործի»։

 

-Վերջին ժամանակներուն Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակը ազդած է նաեւ հայկական դիմագիծ ունեցող Այնճարի վրայ. այդ առումով, որպէս Միացեալ Նահագներ հաստատուած հայրենակից, կը փորձէ՞ք օգնութեան ձեռք մեկնել Այնճարին։

Ճիշդ է, որ տնտեսական բարդ իրավիճակը բաւական ազդած է Լիբանանի վրայ, ներառեալ՝ Այնճարի։ Որպէս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Մուսալեռցի, այո, կը փորձեմ նիւթապէս օգտական դառնալ Այնճարին։ Հոս կ՚ուզեմ յիշել, որ մօտաւորապէս մէկուկէս տարի առաջ «Բոլորս Այնճարի համար» կամ “Together for Anjar” խումբ մը կազմուեցաւ հոս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Աշխարհի տարբեր անկիւններ գտնուող Մուսալեռցիներ մասնակցեցան այդ նախաձեռնութեան՝ Ֆրէզնոյէն ես մասնակցեցայ։ Երեք ամսուայ մէջ, աւելի քան 170.000 ամն տոլար կրցանք հաւաքել Այնճարի ժողովուրդին համար։ Երկրորդ հանգրուանին, միայն եօթը հոգիով, որոնց մէջ նաեւ՝ ես, կրցանք հաւաքել մօտ 75.000 ամն տոլար եւ ուղարկեցինք Այնճարի ժողովուրդին։ Միեւնոյն ատեն, ես Ֆրեզնոյի Մուսալերան հայրենակցական միութեան ատենապետն եմ։ Ամէն տարի, մեր միութիւնը դրամական օժանդակութիւն կու տայ Այնճարի մէջ գտնուող միութեան մը, կամ եկեղեցիի մը, կամ կազմակերպութեան մը։ 

 

-Կ՚ապրինք դժուարին օրեր, Հայաստանի մէջ ստեղծուած համապատկերը բաւական ծանր ազդեցութիւն կ՚ունենայ նաեւ սփիւռքահայութեան հոգիներուն մէջ։ Ի՞նչ են Ձեր մտքերը եւ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք հայութեան ապագան։

Կը խորհիմ, որ աշխարհի բոլոր հայերուն հոգիներուն վրայ ծանր ազդած է Հայաստանի մէջ՝ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին պատահած խնդիրները։ Իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Ամերիկայի մէջ բնակող Մուսալեռցիներուն վրայ։ Ֆրէզնոյի Մուսալերան հայրենակցական միութիւնը, պատերազմի ընթացքին որոշ օգնութիւն մը ուղարկեց Հայաստան։ Մեր երիտասարդութիւնը մտահոգ է եւ միշտ կը մտածէ եւ կը խորհի Հայաստանի եւ Արցախի խնդիրներուն մասին։ Թէ՛ Սփիւռքի մէջ, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, խօսողները շատ են։ Կարծիքներ կու տան, թէ ղեկավարները աւելի ուշիմ պէտք է ըլլան, աւելի դիւանագէտ պէտք է ըլլան, եւայլն։ Ճամբայ ցոյց տուողները շատ են, գանգատողները շատ են, բայց ճիշդ լուծում մը մատնանշողներուն թիւը շատ քիչ է, թէ՛ դիմատետրին մէջ, թէ՛ մամուլին մէջ։ Զիրար այպանողներուն թիւը մեծ է, բայց խորքը մտնելով, լուծումներ առաջարկող չկայ։ Շատ բան կախեալ է քաղաքական վերնախաւէն։ Յոյսով եմ, որ կը կարողանանք գէթ ապահովել Հայաստանի հողին ամբողջականութիւնը, հիմա, որ Արցախը կորսնցուցինք։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մեր ղեկավարներուն։

 

 

 Սագօ Արեան