image

Պիտի պահանջեմ վերականգնել Հայաստան մուտքի իրաւունքս, Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի սեփականութիւնը չէ․ Մուրատ Փափազեան

Պիտի պահանջեմ վերականգնել Հայաստան մուտքի իրաւունքս, Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի սեփականութիւնը չէ․ Մուրատ Փափազեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ իր՝ Հայաստան մուտքն արգիլելու վերաբերեալ։

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է․«Նիկոլ Փաշինեանի համակարգի կողմէ Հայաստան մուտքս արգիլուելէն երկու շաբաթ անց ցաւով կը հաստատեմ, որ իշխանութեան այս որոշումը իրաւական ոչ մէկ լուրջ հիմք ունի: Յայտնի պատճառներով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ ճանչցուած ըլլալով որպէս անցանկալի անձ «անցանկալի» նկատուած են նաեւ Հայաստանի մէջ` իշխանութիւններու կողմէ չհիմնաւորուած պատճառներով: Առաջին բացատրութիւնը ԱԱԾ-ն մերժած էր տալ` յայտնելով, թէ մուտքիս արգելքը երկիր կ'առնչուի անձնական կեանքիս:

Ապա, անդրադառնալով կացութեան ծիծաղելիութեան, 22 յուլիսին վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ արգելքի պատճառը 2021-ի յունիս 1-ին, Փարիզի մէջ, Նիկոլ Փաշինեանի դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին մասնակցութիւնս է, եւ տուեալ ցոյցը կազմակերպելը: Բայց նշեալ թուականէն մինչեւ 2022-ի յուլիսի 13-ը 4 անգամ անարգել մուտք գործած եմ Հայաստան: Աւելին, Հայաստանի պատկան մարմինները ոչ մէկ բողոք ներկայացուցած են ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝ 2021-ի յունիս 1-ի ցոյցի մասնակիցներու կամ կազմակերպիչներու նկատմամբ: Որեւէ իրաւական պետութեան հիմնարար սկզբունքներ՝ անմեղութեան կանխավարկածը եւ խօսքի ազատութիւնը բռնաբարելով, Հայաստանի կառավարութիւնը առանց դատական որեւէ հիմնաւորման որոշած է Հայաստան մուտքս արգիլել 2022-ի յուլիս 13-ին: Եւ իրողութիւնն այն է, որ ես ոչ մասնակցած եմ այդ ցոյցին, ոչ ալ կազմակերպած եմ այն: Տարբեր տեսակէտ ունենալը միակ սկզբունքն է, որ մղած է Նիկոլ Փաշինեանը նման որոշում կայացնելու` բռնատիրական վարչակարգին վայել կեցուածքով:

Կը մերժեմ այս որոշումը եւ կը պահանջեմ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս: Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի սեփականութիւնը չէ` ոչ ալ իր վարչակարգինը: Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է, ուր կրնայ մուտք գործել իւրաքանչիւր հայ, նոյնիսկ եթէ ընդդիմադիր է իշխանութեան: Եւ այս պատճառով է, որ որոշած եմ իրաւական առումով վերականգնել իրաւունքս, որու համար դատական պաշտպանութիւնս վստահած եմ ԱԺ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին՝ ներկայացնելու անձս, եւ փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանին, որոնց լիազօրած եմ կատարելու հարկն ու պատշաճը: Արծուիկ Մինասեանը յուլիս 25-ին արդէն իսկ այս մասին նամակ ուղարկած է ԱԱԾ-ին՝ պահանջելով վերանայիլ տուեալ որոշումը: Օրինական առումով ԱԱԾ-ն 5 օր ժամանակ ունի պատասխանելու նամակին, որու հիման վրայ մենք պիտի որոշենք թղթածրարի հետագայ հոլովոյթը:

Երկու շաբթուան ընթացքին հազարաւոր զօրակցական պատգամներ ստացած եմ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն, քաղաքական տարբեր դիրքորոշումներու տէր անձերէ, որոնք բոլորն ալ ընդվզած են Փաշինեանի հակաժողովրդավար որոշման դէմ: Նման որոշման ընդդիմանալը կը բխի Հայաստանի նկատմամբ սէրէն եւ մերժումն է ժողովրդավարութենէն կառավարութեան շեղման, ինչպէս նաեւ իրաւական պետութեան հիմնարար սկզբունքներու յիշեցումն է` Հայաստանը պէտք է վերադառնայ իրաւական պետութեան իր կոչումին:

Հուսկ, իրաւական բոլոր միջոցներով պիտի պայքարիմ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս վերականգնելու համար»: