image

Պիտի ներկայացուի «ԶՆՏՈՒԿ»ը. Արեւմտահայերէնի աջակցութեան «Կիւլպէնկեան Հիմնարկ»ի նոր ծրագիրը

Պիտի ներկայացուի «ԶՆՏՈՒԿ»ը. Արեւմտահայերէնի աջակցութեան «Կիւլպէնկեան Հիմնարկ»ի նոր ծրագիրը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ 16 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Զնտուկ» կայքի առցանց ներկայացումը։

«Զնտուկ»ը (zndoog.com) համացանցային լայնածաւալ շտեմարան մըն է, որուն մէջ ընդգրկուած են աշխարհի չորս ծագերուն ստեղծուած մանկավարժական արեւմտահայերէն աղբիւրներ եւ գործիքներ։ Կայքը կը ներկայացնէ հայերէնի ուսուցման արդիական մեթոտաբանութեամբ պատրաստուած ծրագիրներ։

Համացանցային այս կեդրոնին շնորհիւ՝ մանկավարժներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ, դպրոցներուն մէջ կամ անոնցմէ դուրս, իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան հարուստ առցանց վայր մը։ Աւելին՝ «Զնտուկ»ը հասանելի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք պարզապէս հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնով եւ կը ձգտին ծանօթանալ ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումներուն։

«Զնտուկ»ը կ՛ընդգրկէ համացանցային հայերէն էջեր, մանկական տեսերիզներ, ձայներիզներ, շարժապատկերներ, շարժանկարներ, տարբեր տարիքներու համար նախատեսուած ծրագիրներ, նաեւ՝ գրական ստեղծագործութիւններ, բառարաններ, խաղեր եւ զանազան այլ նիւթեր։

«Զնտուկ»ին մէջ կարելի է գտնել ուսուցիչներու համար պատրաստուած գրաւոր եւ լսատեսողական նոր ուղեցոյցներ, որոնց աջակցութեամբ ուսուցիչները կրնան դիւրութեամբ ըմբռնել ծրագիրներու կիրառութեան հանգրուանները եւ հիմնական մօտեցումները։

Մանկավարժական որոշ սկզբունքներու վրայ հիմնուելով ստեղծուած է «Զնտուկ»ը։ Լեզուն իր ամբողջութեամբ ընդգրկուած է՝ իբրեւ ապրող, շնչող, ինքզինք զարգացնող, աշխարհին հետ զուգահեռ յառաջացող միջոց, վայր եւ եղանակ: Կայքը կ՛որդեգրէ մանկակեդրոն եւ ուսանողակեդրոն մօտեցում մը։ «Զնտուկ»ը միշտ պատրաստ է իր բովանդակութիւնը ընդլայնելու։ Հետեւաբար, «Զնտուկ»ի դռները բաց են իր սկզբունքներուն համապա-տասխանող այլ լեզուական աղբիւրներու։

«Զնտուկ»ի առցանց ներկայացման ընթացքին կլոր սեղանը պիտի վարէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան։ Զրոյցին ընթացքին խօսք պիտի առնեն բաժանմունքի արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատուն, դպրոցներու եւ կրթական ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան (Լիզպոն, Փորթուկալ), գրող եւ «Ինալքօ»ի հայկական գրականութեան դասախօս Քրիստիան Բատիկեան (Փարիզ, Ֆրանսա), Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեան (Նիւ Եորք, Ամերիկա), Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Հայկանուշ Մինասեան (Աթէնք, Յունաստան), Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ եւ համադրող Նորա Սարաֆեան Թաշճեան (Ալֆորվիլ, Ֆրանսա) եւ ՀԲԸՄի Ալեք Մանուկեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Նանոր Սարգիս (Մոնթրէալ, Գանատա)։

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի ժամով երեկոյան 8ին (կ․ե․ ժամը 1-ին, Լոս Անճելըսի ժամով)։ Կարելի է միանալ հետեւեալ յղումով՝ https://us02web.zoom.us/j/87386495798

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի մանկավարժական եւ ուսուցողական բազմապիսի նախաձեռնութիւններուն նորագոյնն է «Զնտուկ»ը: Իր ծաւալուն եւ շարունակ ընդլայնող պարունակութեամբ, կայքը խթան պիտի հանդիսանայ արեւմտահայերէնի ուսուցման, զարգացման եւ ամրապնդման։

Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities կայքէջը եւ անդամագրուիլ լրատուին։