image

Պիտի հրապարակուի ֆրանս-հայկական առաջին հանդէս՝ «Անահիտ»ը

Պիտի հրապարակուի ֆրանս-հայկական առաջին հանդէս՝ «Անահիտ»ը

Կը տեղեկանանք, որ ի մօտոյ Ֆրանսայի լրագրավաճառ կրպակներէն կարելի պիտի ըլլայ հայթայթել ֆրանս-հայկական առաջին հանդէսը՝ «Անահիտ»ը:

Անոր առաջին թիւի կողքի «իշխանուհի»ն է ծանօթ երգչուհի Էլէն Սեկառան (մօր կողմէ հայ), որու հետ հարցազրոյց մը կատարած է «Անահիտ»ը, եւ ուր արուեստագիտուհին կը խօսի իր ծագումին ու ծրագրերուն մասին: Հանդէսին կողքը կը ծանուցանէ նաեւ՝ «Հայերը եւ Հրեաները», «Հայաստան. Առասպելական ժողովուրդի մը պատմութիւնը», «Երեւան. Կովկասի հրաշալի երկիրը», «Հայկական սփիւռքին լաւագոյնը», «Սքանչելի նորաձեւութիւն», «Ամենածանօթ 10 հայուհիները» նիւթերը:

Հանդէսի նախատեսուած գինն է՝ 4,90 եւրօ:

Եթէ կը սպասէիք յաւելեալ մանրամասնութիւններու՝ դժբախտաբար յուսախաբ պիտի ըլլաք: Ոչ մէկ տեղ տող մը աւելի կարելի է գտնել այս մասին: Հետեւաբար, մտքերու մէջ անխուսափելիօրէն կը ծագի հարցումը, թէ արդեօք սահմանափակ միջոցներո՞ւ, լայն ծանուցման անկարողութեա՞նց հետեւանք է: Մենք աւելի լաւատես մօտենալով հարցին՝ պիտի ըսէինք անկասկած «մանուկին ծննդեան» շուրջ որոշ խորհուրդ մը ստեղծելու միտումով է:       

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն: