Պիթքոյնի արժէքը պատմութեան մէջ առաջին անգամ գերազանցած է 24 հազար տոլարը։
Աւելի քան 20 սակարաններու մէջ միջին արժէքին հետեւող CoinMarketCap հարթակի տեղեկութիւններով՝ երէկ երեկոյեան քրիփթոարժոյթի գինը բարձրացած է 1,9 տոկոսով՝ հասնելով 24․4 հազար տոլարի։ Կէսգիշերն անց փոքր անկում նկատուած է։
Պիթքոյնին բաժին հասած է քրիփթոարժոյթներու համաշխարհային շուկայի մօտ 65,6 տոկոսը։
Ոլորտի մասնագէտները կը կարծեն, որ մինչեւ գարուն պիթքոյնի արժէքը կրնայ հասնիլ 31 հազար տոլարի։