image

«Պիր Զամանլար» հրատարակչատունը կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը

«Պիր Զամանլար» հրատարակչատունը կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը

Թուրքիոյ բազմամշակոյթ ժառանգութիւնը իբրեւ հարստութիւն արժեւորելու նպատակով հինադրուած «Պիր Զամանլար» հրատարակչատունը, իր հիմնադրութեան 20-ամեակի առթիւ, օրերս հանդէս կու գայ շարք մը միջոցառումներով։

Ուշագրաւ է, որ 2005 թուականին այս հիմնարկի հիմնադրման առիթ հանդիսացած է «100 տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ հայերը» գիրքի հրատարակութեան՝ այլ հրատարակչատուներու կողմէ մերժումը, ինչը ստիպած է հիմնադիր Օսման Քէօքէրը հիմնել «Պիր Զամանլար»ը։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Պիր Զամանլար» հրատարակչատունը խանդավառ շրջան մը կ'ապրէ։ Այս կարեւոր հաստատութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 20ամեակը՝ տարեդարձի առիթով միջոցառումներու շարք մը ներկայացնելով մշակութասէր եւ գրասէր հասարակութեան։ 

Ծանօթ է որ «Պիր Զամանլար»ը հրատարակիչ Օսման Քէօքէրի կողմէ հիմնուեցաւ՝ Թուրքիոյ բազմամշակոյթ ժառանգութիւնը իբրեւ հարստութիւն արժեւորելու նպատակով։ Տօնական միջոցառումներու բացումը կատարուեցաւ երէկ, 22 Մայիսի կէսօրէ ետք՝ «Տարբեր ակնարկ մը՝ պատմութեան վրայ» ցուցադրութեամբ։

Չսահմանափակուելով միայն գիրքերու հրատարակութեամբ, «Պիր Զամանլար»ը վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին կազմակերպած է տասնեակ ցուցահանդէսներ՝ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ, նախաձեռնարկ հանդիսացած է հարիւրաւոր շնորհանդէսներու, բանախօսութիւններու եւ մշակութային միջոցառումներու։ Հրատարակչատունը այդպիսի քայլերով կը ձգտի դնել աւելի լաւ ապագայի մը հիմերը՝ ի յայտ բերելով այն անուրանալի ժառանգութիւնը, զոր այս երկրին աւանդած են էթնիք ու կրօնական համայնքներ։

Երէկուայ ցուցահանդէսը մեծ ընդունելութիւն գտաւ մշակութասէրներու կողմէ։ Մասնակիցներու շարքին էին մշակութային գործիչներ, պատմաբաններ, արուեստագէտներ, պատմութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցողներ, ինչպէս նաեւ կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Մասնակցեցան Իսթանպուլի պապական փոխանորդը՝ Մասիմիլիանօ Փալինուրօ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Վարդան Գերապայծառը, Թուրքիայի Հայոց Պատրիարքութենէն Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքի բարեմաղթութիւնները փոխանցեց իր ներկայացուցիչը։

Հրատարակչատան հիմնադիր եւ ցուցասրահի պատասխանատու Օսման Քէօքէր իր բացման խօսքին մէջ յիշեցուց, որ 2005 թուականին «100 տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ հայերը» գիրքը հրատարակելու միտքը մերժուեցաւ այլ հրատարակչատուներու կողմէ եւ այդ պատճառով ինք ստիպուեցաւ հիմնել «Պիր Զամանլար»ը։ Նոյն գիրքին մէջ զետեղուած էին Գալումենոյի հաւաքածոյէն քարթ-փոսթալներու թանկագին նմոյշներ, որոնք աւելի վերջ «ատաղձ» հանդիսացան  «Սիրելի եղբայրս» խորագրով յիշարժան ցուցահանդէսի համար։

Բացման արարողութենէն ետք սկսան տասնօրեայ մշակութային միջոցառումները, որոնց շրջագծով նախատեսուած են շնորհանդէսներ, շարժանկարի ցուցադրութիւններ, ցուցահանդէսի առաջնորդ-շրջայցեր, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ դէպի պատմամշակութային վայրեր՝ գերեզմանոցներ եւ եկեղեցիներ։ Այս բոլոր նախաձեռնութիւններուն նպատակն է նոր հայեացք մը փոխանցել Թուրքիոյ պատմութեան՝ խրախուսելով հանդուրժողականութեան, յիշողութեան եւ բազմամշակութային արժէքները։

Ցուցահանդէսը բաց է ամէն օր (բացի Կիրակիէ)՝ ժամը 11.00-17.00ի միջեւ։