Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը հերքած է Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հեռախօսազրոյցի մասին լուրերը։
Աւելի վաղ նմանատիպ հեռախօսազրոյցի մասին գրած էր The Washington Post–ը։
«Վերջերս Washington Post–ի գրած լուրը, թէ Փութինի եւ Թրամփի միջեւ հեռախօսազրոյց եղած է, սուտ տեղեկութիւն է, նման բան չէ եղած։ Փութինի եւ Թրամփի շփումներու վերաբերեալ յստակ ծրագրեր դեռ չկան»,– յայտնած է Փեսքովը։
Աւելի վաղ The Washington Post–ի աղբիւրները յայտնած էին, որ Թրամփը, իբր, նոյեմբեր 7-ին զանգած է Փութինին եւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան առնչուող հարցեր բարձրացուցած է, ինչպէս նաեւ կոչ ըրած է հակամարտութեան սրման չդիմելու։
The Washington Post–ը նաեւ գրած էր, որ Թրամփը, իբր, հետաքրքրութիւն յայտնած է հետագայ զրոյցներուն` ուքրանական հակամարտութեան շուտափոյթ լուծման քննարկման նպատակով։