image

Փենթակոնի ղեկավարը դուրս եկաւ հիւանդանոցէն

Փենթակոնի ղեկավարը դուրս եկաւ հիւանդանոցէն

Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթըն դուրս եկած է հիւանդանոցէն, սակայն որոշ ժամանակ պիտի շարունակէ աշխատիլ տունէն՝ վիրահատութենէն եւ յետվիրահատական բարդութիւններէն ետք ապաքինուելու նպատակով:

Ինչպէս հաղորդած է  «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, այս մասին յայտնած են ռազմական գերատեսչութենէն:

«Ան եկած է տուն՝ սովորական ֆիզիքական վերականգման բնաբուժութեան եւ կանոնաւոր հետազօտութիւններու համար։ Կ՚ակնկալուի, որ ան լիովին կ՚ապաքինուի»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը հիւանդանոց յայտնուած է յունուար 1-ին սովորական բժշկական միջամտութենէ ետք առաջացած բարդութիւններու պատճառով։ Փենթակոնի ղեկավարն աւելի վաղ վստահեցուցած էր, որ կ՚ապաքինուի:

Օսթըն 70 տարեկան է։ Ան Փենթակոնը կը գլխաւորէ 2021 թուականի յունուարէն: