Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Կառավարութենէն յայտնած են, որ քննարկուած է Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Երկուստեք ընդգծուած է ուժի կիրառման անթոյլատրելիութիւնը եւ ապամագլցումին համար միջազգային մեխանիզմերու կիրառման անհրաժեշտութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը տեղեկացուցած է, որ ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի հրատապ նիստ նախաձեռնած է: