Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի չմասնակցի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի երդմնակալութեան արարողութեան։ Այդ մասին մայիս 6-ին խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։
Մարտ 15-17-ը Ռուսիոյ մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններուն Վլատիմիր Փութինը վերընտրուած էր այդ պաշտօնին՝ հաւաքելով ձայներու աւելի քան 87 տոկոսը:
Ռուսիոյ նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը նախատեսուած է մայիս 7-ին։
Մամուլի մէջ շրջանառուող տեղեկութիւններու համաձայն՝ Փաշինեանը Մոսկուա պիտի մեկնի մայիս 8-ին՝ մասնակցելու Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման 10-ամեակի առիթով կազմակերպուած յոբելենական գագաթնաժողովին։