image

Փաշինեանի Մոսկուա այցին մասին ակնարկ Քրեմլէն. Թեման Ղարաբաղն է

Փաշինեանի  Մոսկուա  այցին մասին ակնարկ Քրեմլէն. Թեման Ղարաբաղն է

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, կը յայտնէ Քրեմլի պաշտօնական կայքը:

Կը նախատեսուի քննարկել ռուս-հայկական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման արդիական հարցեր:

Պիտի քննարկուի նաեւ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումը, ներառեալ` տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու վերականգնման միջոցառումները: