Նիկոլ Փաշինեանը կա՛մ անցնցում հրաժարական կու տայ, կամ «դիմադրութիւն» շաժումը երկիրը կը կանգնեցնէ, այս մասին Ֆրանսայի հրապարակին մէջ յայտարարեց ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:
«Ակնյայտ փաստ է, Նիկոլը այլեւս Հայաստանում իշխանութիւն չունի, մեր հետեւողական քայլերի արդիւնքում, մեր համախմբուածութեան, ճիշդ գործողութիւնների արդիւնքում մեր պայքարը րոպէ առ րոպէ թափ է հաւաքում: Ուրեմն, ի՞նչ պէտք է անենք, բանաձեւը շատ յստակ է․ պետական կառավարման համակարգը պէտք է կանգնեցնենք: Իշխանութեանը հեռացնելու մէկ ճանապարհ գոյութիւն ունի, որ գոծնականօրէն փաստենք, որ իշխանութիւնը փողոցում է, մենք ենք որոշում: Աթոռներին նստածներն այլեւս ի վիճակի չեն մեր երկրում որեւէ բան որոշելու: Դրա համար ինչ պէտք է անենք, պէտք է աւելի լայն տարածումով շարունակենք մեր բողոքի, անհնազանդութեան գործողութիւնները: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, վաղը շատ կարեւոր օր է բոլորիս համար: Եթէ այնքան մարդ, որքան մասնակցեց երթին, վաղը դուրս գա փողոց յստակ անհնազանդութեան գործողութիւններ եւ ընելու, ձեզ վստահեցնում եմ` հաշուած օրերի ընթացքում հեռացնելու ենք», ըսաւ ան:
Իշխան Սաղաթրլեանը նշեց, որ այսօր կը յայտարարեն դասադուլ եւ գործադուլ եւ իւրաքանչիւր ցուցարար վաղը իր հետ պէտք է փողոց դուրս բերէ եւս մէկ քաղաքցու: «Եթէ մենք այդքանով սկսենք ամբողջ Երեւանում մեր անհնազանդութեան գործողութիւնները անհրաժեշտութեան դէպքում շրջափակենք պետական, կառավարական շէնքերը, մենք վերջնականապէս ծնկի ենք բերելու իշխանութիւններին», նշեց ան` յաւելելով, որ բոլորը պէտք է հասկնան, որ Նիկոլ Փաշինեանի ամէն աւելի օր իշխանութեան մնալը չի բխիր երկրի շահերէն եւ այդ իսկ պատճառով պէտք է միանան ընդդիմութեան պայքարին:
ԱԺ փոխնախագահը նշեց, որ պէտք է կրկնապատկեն ուժերը եւ շարունակեն անհնազանդութեան գործողութիւնները, մինչեւ որ ուժային կառոյցները վարչապետին տեղեկացնեն, որ ինք այլեւս ընելիք չունի:
Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց այսօրուայ ընելիքները` նշելով, որ ժամը 12-ին, չորս ուղղութիւնով պիտի սկսին անհնազանդութեան երթեր եւ գործողութիւններ: Առաջին երթը պիտի մեկնարկէ Գայի պողոտայէն` «Մեկամոլ» առեւտուրի կեդրոնին մօտէն, երկրորդը Րաֆֆիի փողոցէն` Անդրանիկի արձանին մօտէն, երրորդը` 15 թաղամասէն` Չաուշի արձանին մօտէն եւ չորրորդը` Սասունցի Դաւթի արձանին մօտէն:
Իշխան Սաղաթէլեանը նաեւ տեղեկացուց, որ առաւօտեան նոյնպէս տեղի պիտի ունենան անհնազանդութեան տարբեր գործողութիւններ: Ժամը 19.00-ին Ֆրանսայի հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ ամփոփիչ հանրահաւաք: