image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան յարգած է Սումկայիթի զոհերու յիշատակը

Փաշինեան յարգած է Սումկայիթի զոհերու յիշատակը

1988 թուականի 27-29-ը փետրուարը Սումկայիթ քաղաքին մէջ իրականացուած հայերու ջարդերու 33-րդ տարելիցի կապակցութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցած ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին։

Վարչապետը ծաղկեպսակ դրած եւ ծաղիկներ խոնարհած է զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններին: