Իւրաքանչիւր հայի պարտականութիւնն է միանալ այս պայքարին, դիմադրել, թոյլ չտալ, որ այս իշխանութիւնները կուրօրէն Հայաստանը մտցնեն թուրք-ատրպէյճանական խաբկանքի, խորամանկութեան մէջ եւ Արցախը տանին հայաթափման, ատրպէյճանականացման, Հայաստանը տանին թրքացման: Այս մասին Ազատութեան հրապարակին մէջ յայտարարած է պաշտպանութեան նախկին նախարար, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը:
Անոր խօսքով` ոչ ոք Նիկոլ Փաշինեանին մանտաթ չէ տուած` միայնակ որոշելու Արցախի ճակատագիրը, իսկ Փաշինեանի թրքանպաստ քաղաքականութեան դէմ բողոքի, դիմադրութեան շարժմանը բոլորը պէտք է մասնակից ըլլան:
«Շարժմանը պէտք է մասնակից լինենք բոլորս: Ուզում եմ հարց տալ ՀՀ քաղաքացուն` արդեօք իրեն դո՞ւր է գալիս այս իրավիճակը, երբ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը ստում է եւ կուրօրէն տրւում թուրք-ատրպէյճանական խաբկանքին, գումարած դրան` ամէն ինչ անում են, որ ժողովուրդը վախեցած լինի` այն դէպքում, երբ առաջին հերթին հէնց ինքը` Փաշինեանն է վախեցած: Որպէսզի երկիրն այս վիճակից դուրս գա, պէտք է ժողովրդին համախմբել: Այս շարժումը մէկ մարդու, մէկ քաղաքական ուժի, մէկ օրուայ, մէկ ամսուայ շարժում չէ․ պէտք է համախմբուել բոլոր ուժերով: Շարժմանը պէտք է մասնակից լինենք բոլորս», ըսաւ Սէյրան Օհանեանը:
Յիշեցնենք, որ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը Ազատութեան հրապարակին մէջ յայտարարած էր անժամկէտ բողոքի շարժումներու մեկնարկի մասին: