Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով, Ապրիլ 22-ին Փարիզի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ, քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` բազմաթիւ խորհրդարանականներու, Փարիզի Քաղաքային խորհուրդի անդամներու եւ հարիւրաւոր ֆրանսահայերու մասնակցութեամբ:
Ընդունելութեան մեկնարկին ելոյթներով հանդէս եկան Փարիզի քաղաքապետը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) երկու համանախագահները:
Դեսպան Տոլմաեանն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դատապարտման անհրաժեշտութեան` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը ինչպէս համայն հայութեան համար, այնպէս ալ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու միջազգային պայքարի տեսանկիւնէն: Դեսպանը յիշեցուց նաեւ այն կարեւոր դերակատարման մասին, որ Ֆրանսան ունեցած է ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականները ապաստանելու հարցով` շեշտելով, որ Ֆրանսայի մէջ ապաստանած հայ գաղթականներու սերունդները, պահպանելով իրենց ազգային ինքնութիւնը, միեւնոյն ժամանակ դարձած են Ֆրանսայի լիիրաւ եւ պատասխանատու քաղաքացիներ` մեծ աւանդ ունենալով Ֆրանսայի զարգացման եւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ:
Եզրափակելով իր խօսքը` դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի քաղաքային իշխանութիւններուն, ի դէմս քաղաքապետ Հիտալկոյի, մշտապէս Հայաստանի եւ Արցախի կողքին ըլլալու համար: Ան յիշեցուց, որ Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը առաջիններէն էր, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ ընդունեց բանաձեւ` կոչ ընելով ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղը: Դեսպանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Հիտալկոյին, ինչպէս նաեւ փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչային` Փարիզի սրտին մէջ Հայաստանի հարթակի բացման նախագիծի կեանքի կոչման համար: