image
Հրատապ լուրեր:

Պղինձ կա՞մ նաւթ. Դիտարկում մը Հայաստանի իրական ներուժին մասին

Պղինձ կա՞մ նաւթ. Դիտարկում մը Հայաստանի իրական ներուժին մասին

Վերջին տարիներուն տնտեսական կանխատեսումներ եւ վերլուծումներ կատարող հանրոյթէն լսելի սկսած են դառնալ որոշակի ձայներ, որոնք կը կարեւորեն, ոչ միայն «Կանաչ ներուժ»ի հիմնարար կարեւորութիւնը, այլ կը խօսին տնտեսութեան համար անհրաժեշտ ներուժի փոխարինման որոշակիութեան մասին։ 

Խօսքը կը վերաբերի նաւթարդիւնաբերութեան, որ մեր ժամանակներուն կարգ մը երկիրներու համար հարստացման եւ կայացման գլխաւոր աղբիւր հանդիսանալէ բացի, սկսած է դառնալ լուրջ ազդակ մը, որ կը հրահրէ միջազգային տարակարծութիւնները եւ ստեղծէ նոր տագնապներ։ 

Նաւթն ի վերջոյ չկարղացաւ դառնալ մարդկութիւնը իրար զօդող, իրար կապող գործօն մը, այլ դարձաւ բաժանարար գիծ, մէկ կողմէ արեւմտեան աշխարհի դրոյթներուն հետեւող տէրութիւններուն եւ միւս կողմէ ալ «Արեւմտեան պլոք»էն դուրս մնացած երկիրներուն միջեւ։

 Այդ բոլորէն անդին նաւթն ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ ժխտական դեր, առանց անոր ալ բաւական բարդ վիճակներու մէջ յայտնուած կենսոլորտի խնդիրներուն մէջ։

 Աշխարհը, որ զարմացած աչքերով կը նայէր, ու «կը շօշափէր» նաւթի երկիրներու յաջողութիւններն ու վերելքը, այսօր արդէն իսկ կը փնտռէ նոր միջոցներ, որոնց շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլայ կերտել մարդկութեան համար աւելի ապահով, աւելի անվտանգ եւ նուազ ապականած միջավայրեր։

 Առանցքը անշուշտ այդ նոր փուլին մէջ մտնելն է, որուն համար կան հիմնարար կէտեր, որոնք հեռու չեն հասանելիութիւնէ, բայց եւ այնպէս կարիքն ունին իրական եւ հաստատուն, իրականալի տեսլականներու...։

 Պարզ օրինակ մը տալու համար հարկ է հաշուի առնել այն փոխարինող գործիքները, որոնք պիտի գան  վերցնելու այն «գորշացած» դերը, որուն մէջն է նաւթն ու նաւթի շուկային մէջ թաւալող ընթացքները։ 

 Ու հոս է նաեւ, որ ընթացք կ՚առնէ նոր եւ իսկական պայքար մը, մէկ կողմէ «մաքուր մետաղներ»ուն եւ միւս կողմէ նաւթին միջեւ, որ հակառակ հեռու թուալուն, արդէն իսկ  դարձած է հասանելի։

 Մօտիկ անցեալին ինքնաշարժներու, կամ ցանկացած տեսակի ամենագնացներու, օդանաւերու, շոգենաւերու կամ նոյնիսկ հրասայլերու համար պիտանի էր պէնզինն ու կազը, այսօր անոնց պիտի գայ փոխարինելու ելեկտրական սարքերով աշխատող մեքենաներն ու ամենագնացները։

 Սա արդէն իրաւամբ կը խօսի նոր փուլի մը մասին, որ «սարերու ետին» չէ եւ ունի իրական ներուժը, մեր կեանքը էականօրէն շրջելու։

 Ու հոս է անշուշտ այն գաղտնաբառը, որ կը կոչուի՝ պղինձ, որուն մէջ ալ հարուստ է հայոց լեռնաշխարհը։

 Անշուշտ այս գործընթացները երկար ժամանակի կը կարօտին ու այդ ժամանակին մէջ յաջողակ պիտի համարուի այն կողմը, որ շուկայական յարաբերութիւնները լաւագոյնս հասկնալէ ետք այդ գործին մէջ պիտի դնէ արդիականութիւն եւ ստեղծարարութիւն։ 

 Ի դէպ պղինձը կը հաւասարի՞ նաւթին, օրերս նման հարցադրում մը բարձրացուցած է ՀՀ Հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան նախագահ, Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենի կոմպինատի գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ Վարդան Ջհանեան։

 Նշենք, որ Ջհանեան այս գաղափարները արտայայտած է Economix հաղորդման ծիրէն ներս կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանի հարցումներուն։

 Ստորեւ հիմնական հատուածները նշեալ հարցազրոյցին 

Հանքարդիւնաբերութեան ու կառավարութեան դիրքորոշման մասին 

«Հանքարդիւնաբերութիւնը սերտօրէն կապուած է գրեթէ բոլոր ոլորտներուն հետ։

Անմիջական կապ կարելի է գտնել ուժանիւթին հետ, քանի որ ելեկտրականութեան մօտ 30-40%-ը կը սպառէ հանքարդիւնաբերութիւնը։

Հայաստանի լեռնահանքային արդիւնաբերութեան խոշորագոյն ընկերութիւնը՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը (ԶՊՄԿ), հանրապետութեան մէջ ելեկտրահանութեան սպառման առաջատարն է։ Ուժանիւթի այլ աղբիւրներու (տիզվառելիք, պենզին, կազ) պարագային ոլորտը եւս կարեւոր սպառող է։Հանքարդիւնաբերութիւնը շօշափելի ազդեցութիւն ունի նաեւ փոխադրային ոլորտին վրայ։ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»ի գլխաւոր գործընկերը մեր ոլորտն է, առանց որուն ընկերութեան շահոյթը կրնար կրճատուիլ քանի մը անգամով։

Կարելի է բազում նման օրինակներ տալ։ Առանց հանքարդիւնաբերութեան միւս ոլորտները չափազանց թոյլ վիճակի մէջ կը յայտնուին կամ չեն կարողանար շահութաբեր գործունէութիւն ծաւալել»։

 

Հայաստանի ներուժը համաշխարհային շուկային մէջ

 «Հանքարդիւնաբերական ոլորտը ուժանիւթի հետ մէկտեղ այն ճիւղերէն մէկը դարձաւ, որ ոչ միայն չտուժեց Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան փլուզման հետեւանքով, այլ նաեւ աւելի զարգացաւ։

Ընդ որում, հանքարդիւնաբերական ոլորտի ամբողջ ներուժը չ'օգտագործուիր, իսկ այդ կը յանգեցնէ, որ համաշխարհային հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ մեր դերն այնքան ալ բարձր չէ։ Հայաստան կ'արտադրէ համաշխարհային պղինձի ընդամէնը 0,2-0,3%-ը։ Ոսկիի պարագային մեր մասնաբաժինը համաշխարհային շուկային մէջ ա՛լ աւելի քիչ է։ Ընդ որում, պղինձի համաշխարհային շուկայի ծաւալը նաւթի շուկայէն 10 անգամ փոքր է։ Այսինքն՝ Հայաստանը, չնայած առկայ ներուժին, համաշխարհային շուկաներուն մէջ այնքան ալ տեսանելի չէ: Բայց նոյնիսկ այս պարագային ոլորտը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ։ 

Բաց աստի, հարկ է նշել, որ նաւթին դերը ժամանակի ընթացքին պիտի նուազի, մինչդեռ պղինձի դերը պիտի աճի: Բոլոր կանխատեսումներով՝ 10-15 տարի անց պաշարներու շուկային մէջ պղինձը կրնայ փոխարինել նաւթը։ Այսինքն՝ պղինձն իր արժէքով ու նշանակութեամբ աւելի կարեւոր ըլլայ, քան նաւթը։

Հայաստանը, ունենալով նման պաշարներ, պէտք է օգտուի անոնցմէ եւ մեծցնէ դերը պղինձի համաշխարհային շուկային մէջ՝ աւելցնելով արտադրութեան ծաւալները։ Պղինձի պահանջարկի աճին հետ մէկտեղ այս մետաղին գիները եւս կը բարձրանան։ Նման պարագային ոլորտը կրնայ շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ տնտեսութեան վրայ, քան հիմա։ Նոյնն է պարագան մոլիպտենին (արճիճաքար), որ կ'օգտագործուի նաեւ այլընտրանքային ուժանիւթի գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ։ Առաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին կը սպասուի մոլիպտենի պահանջարկի եւ գիներու աճ»։

 

 Նիւթը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։ 

Օգտուած ենք Վարդան Ջհանեանի Economix հաղորդման շրջանակներէն ներս կատարուած հարցազրոյցէն։