image

Պէյրութի պայթումին ցաւը կը կոտտայ... Լարա Հայէքի պատմութիւնը

 Պէյրութի պայթումին ցաւը կը կոտտայ... Լարա Հայէքի պատմութիւնը

 Շատ սրտեր արիւն լացին տարի առաջ այս օրերուն Պէյրութը ցնցած ոճրային պայթումին հետեւանքով։

 

200-է աւելի անմեղ զոհեր, հազարաւոր վիրաւորներ, գաղթականութեան վիճակ մը եւ աւերակուած ամբողջ թաղամասեր։ 

 

Տխուր պատմութիւններ շատ լսուեցան պայթումէն ետք եւ այդ պատումներէն շատեր շարունակուեցան մինչեւ այս օրերը։

Այդ պատումներէ է երիտասարդուհի Լարա Հայէքի ծանր պատմութիւնը։ 

Լարան, որ «Աուտէ» դրամատան փայլուն աշխատակիցներէն է, պայթումի պահուն գտնուած է Պէյրութի «Աքքաուի» թաղամասի (ուր քիչ չեն հայ բնակիչները), եւ տան դուռը պոկուելով հարուածած է անոր գլուխը։

 Ան արագօրէն փոխադրուած է Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոց, արժանացած է բժշկական կազմի հոգատարութեան, բայց մտնելով մահաքունի մէջ, մինչեւ այս պահը կը տառապի։ 

 Կը տառապին նաեւ Լարայի հարազատները, որոնք ժամանակ մը ետք զինք փոխադրած են «Պհաննէս»ի առողջապահական կեդրոն, ուր Լարա կը շարունակէ մնալ բժշկական կազմի ուշադրութեան ներքոյ։ 

 Լարայի մայրիկը, որ այս բոլորին մասին օրերս մեծ ցաւով պատմած է «Լիբանանի ձայն» կայանին նշած է, որ «Իմ Լարան կեանքով լեցուն էր, ան փայլուն ապագայ ունէր, զինք խլեցին մեզմէ ...։ Լարան խլեցին, թող ետ վերադարձնեն Լարան...»։

 Պէյրութը աղէտի գօտի սարքած պայթումէն անցած են տարիներ, բայց եւ այնպէս մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ յոյս կ՚երեւի, որ աղէտին պատճառ հանդիսացող ոճրագործները բացայայտուին։ 

 

  Լուրը համադրաբար՝ Arevelk.am-ի