image

Պէյրութի մէջ. Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի կազմակերպութեամբ՝«Արցախ-Հայաստան» ընդհանուր խորագրով զարգացման մրցում եւ գեղարուեստական յայտագիր

Պէյրութի մէջ.   Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան  վարժարանի  կազմակերպութեամբ՝«Արցախ-Հայաստան» ընդհանուր խորագրով զարգացման մրցում եւ գեղարուեստական յայտագիր

 Օրերս Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է զարգացման մրցում մը՝ «Արցախ-Հայաստան» ընդհանուր խորագրին տակ։ Դպրոցին կողմէ հրապարակուած լրատւութեան մէջ կը նշուի, որ հայագիտական ուսմունքը կը համարուի դպրոցի կրթութեան սիրտն ու հիմքը։

 Ուշագրաւ է, որ հակառակ տիրող ոչ բարենպաստ պայմաններուն հայկական վարժարանն իր էութեամբ կը շարունակէ պահել ու պահպանել մեր ազգի իսկական արժէքները։

Ստորեւ վարժարանին կողմէ պատրաստուած լրատւութիւնը՝

 

«Արցախ-Հայաստան» Զարգացման մրցում եւ Գեղարուեստական յայտագիր

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանէն ներս

Հայեցի դաստիարակութիւնը հայկական վարժարաններու սիրտն է, եւ ազգային ինքնութեան պահպանում ու գոյատեւում ապահովելը՝ անոր վեհ առաքելութիւնը: Հայրենասիրութեան եւ տաղանդի աշխոյժ դրսեւորմամբ, Երեքշաբթի՝ 14 Մայիս 2024-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 6-րդ դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան «Արցախ-Հայաստան» զարգացման մրցոյթի, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Յաջորդական երեք տարիներէ ի վեր հայկական միջոցառումներու աւանդութիւն դարձած զոյգ վարժարաններու 6-րդ դասարաններու հանդիպումը այս տարի կայացաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի յարկին տակ, որուն 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանը յատկացուած էր Արցախի, այդ նպատակով զարգացման մրցումը նուիրուած էր Արցախի ու Հայաստանի:

Առաւօտեան ժամը 10:30-ին խումբ մը աշակերտ-աշակերտուհիներ բարի գալուստի խօսքով դիմաւորեցին Մեսրոպեանի 6-րդ դասարանցիները եւ անոնց ուղեկցեցան սրահ, ուր զոյգ վարժարաններու 65 աշակերտները բաժնուեցան ինը խմբակներու՝ Արցախ, Շուշի, Ստեփանակերտ, Հադրութ, Ասկերան, Քաշաթաղ, Մարտակերտ, Շահումեան եւ Մարտունի:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան, որ իր կարգին բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք ըսաւ. «Արցախը այսօր դժբախտաբար գրաւուած է, թշնամին ներկայիս կրցաւ հողատարածքը առնել մեզմէ (բայց մենք կը հաւատանք վերատիրացման), սակայն չի կրնար գրաւել կամ ոչնչացնել հայու ոգին ու շունչը քանի կան ձեզի պէս հայ աշակերտներ, որոնք կը սորվին հայրենիքի մասին, գիտեն հայոց պատմութիւնը, կը գուրգուրան մայրենիին եւ կը պահեն մշակոյթը... Այսօրուան յայտագիրը աւելի է քան մրցոյթ մը, ոգեշնչման փարոս մըն է, որ ձեր մէջ վառ պիտի պահէ ազգային ու հայրենասիրական ոգին...», ապա ան շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց հայերէնի ուսուցչուհիներուն, պատասխանատուներուն, դատակազմին եւ վարժարանիս տիկնանց յանձնախումբին, եւ բոլոր անոնց որոնք կազմակերպեցին այս ձեռնարկը: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի ու Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բրձր. Վրժ.ի օրհներգներու ոտնկայս ունկնդրութենէ ետք սկիզբ առաւ «Արցախ-Հայաստան» զարգացման մրցումը, որ ընթացաւ դրական, հաճելի ու խանդավառ մթնոլորտով, ինչ որ սոսկ մրցոյթ մը չէր, այլ հայու ոգիի սաւառնում, հայկական մշակոյթի հանդէպ գուրգուրանք, ազգային միասնականութեան գիտակցութիւն եւ հայրենասիրութեան ամրապնդում:

Մրցումի ընթացքին տեղի ունեցան գեղարուեստական դադարներ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին. Մեսրոպեանէն՝ Արմէն Գարօ Թերզեան եւ Քրիսթոֆըր Մարտիրոսեան (տհոլ եւ երգեհոն) «Ախպէրս ու ես», «Ղարաբաղ», Շողակ Մակոլեան (ասմունք) «Ղարաբաղ» , Քրիսթոֆըր Մարտիրոսեան (երգեհոն եւ երգ) «Ախ իմ երկիր», Արմէն Գարօ Թերզեան (տհոլ) «Զարթիր Լաօ», «Արարատն առաջ», Ս. Խաչ-Հարպոյեանէն՝ Քէյթ Վասիլեան (ասմունք) «Ուրեմն զարկ Արցախ» , Գալին Այվազեան (Քանոն) «Հինգալլա» եւ «Կաքաւիկ» , Հայկական պար «Եաման եար»:

Մրցումի եւ գեղարուեստական ելոյթներու աւարտին սրտի խօսք փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն պրն. Կրեկուար Գալուստ, որ իր անհուն ուրախութիւնը արտայայտեց, եւ գնահատական խօսքերով արժեւորեց ձեռնարկը, խորին շնորհակալութիւն յայտնեց նախ աշակերտներուն, որոնց շնորհիւ է, որ կը կայանան նման ձեռնարկներ, անոնց յայտնեց, որ իրենք են ազգի ժառանգութիւնը կրողները եւ հայ ազգի ապագայի ճարտարապետները, շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ ուսուցչուհիներուն եւ բոլոր անոնց որոնք օժանդակեցին սոյն յայտագրի յաջողութեան: Ան մաղթեց, որ հայրենասիրութեան զգացումը վառ մնայ իւրաքանչիւրին մէջ եւ նմանօրինակ տօնախմբութիւններով շարունակենք պահել մեր մշակոյթը: Պրն. Կեկուարի խօսքէն ետք աշակերտները խումբ առ խումբ բեմ բարձրացան, եւ բոլորը օրուան խորհուրդը կրող նշանակով յուշանուէրներ ստացան տնօրէններու ձեռամբ: Ապա յայտարարուեցան արդիւնքները եւ Ա. մրցանակ ստացող խմբակի եօթը անդամները ստացան համապատասխան յուշատախտակներ:

Գնահատուեցան բոլորը իրենց տաղանդներուն եւ ազգային ոգին վառ պահելու իրենց դերակատարութեան համար:Աշակերտակեդրոն հայերէնի դասընթացքը տպաւորիչ, դաստիարակիչ, խրախուսիչ ու շինիչ դերակատարութիւն ունեցաւ կերտելու համար իսկական ու տիպար հայ աշակերտներ:

Հայկական հիւրընկալութիւնը կարելի չէր աւարտել առանց ճոխ ու համադամ հայավայել հիւրասիրութեան...։