Իրանի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը: Լրատուամիջոցներու տուեալով՝ ցոյցերը կ՚ընդլայնին ե՛ւ աշխարհագրօրէն, ե՛ւ մասնակիցներու թիւով: Նշուած է, որ ցոյցերն ընդգրկած են աւելի քան 280 քաղաք, այդ շարքին՝ մայրաքաղաք Թեհրանը եւ միւս խոշոր քաղաքները:
Ի նշան բողոքի՝ ցուցարարները որոշ քաղաքներու մէջ քանդած են արձաններ եւ հրկիզած գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի եւ Քասեմ Սոլէյմանիի պատկերներով պաստառները:
Հաղորդուած է ոստիկանութեան հետ բախումներու հետեւանքով զոհերու եւ վիրաւորներու մասին: Ըստ իրանական լրատուամիջոցներու՝ ցուցարարներու մէկ մասը զինուած է մարտական եւ որսորդական զէնքերով. Անոնք կրակած են ոստիկաններու ուղղութեամբ: