image

Պէյրութի Աղբի Խնդիրը Տագնապի Կը Վերածուի

Պէյրութի Աղբի Խնդիրը Տագնապի Կը Վերածուի

 Լիբանան-  Պէյրութի եւ շրջակայ արուարձաններու  աղբահանութեան  խնդիրը    լուրջ տագնապի վերածուած  է: Նշենք, որ    հարցը բարդացած է յատկապէս «Ալ Նահմէ» շրջանին մէջ եղող աղբաթափման  «կեդրոն»ի փակումէն ետք:    Շրջանի բնակիչները  ամիսներէ ի վեր կը  պահանջեն   տարբեր  հանգամանքներու բերումով      այդ   շրջանին մէջ աղբաթափման   կայան  դարձած «կեդրոն»ին  փակումը: Ներկայ պահու դրութեամբ  աղբահանման    գործը իրականացնող «Սուքլին»  ընկերութիւնը իր կարգին  յայտարարած է, որ  կը հրաժարի   Պէյրութի տարբեր փողոցներուն մէջ  կուտակուած աղբը  տարհանել  առարկելով «Նահմէ»ի աղբակայանին փակումը:  «Սուքլին» ընկերութեան   Լիբանանի կառավարութեան հետ կնքուած պայմանագիրը եւս սպառած է եւ  այդ առումով   կառավարութիւնը   պէտք է կամ   վերանորոգէ  այդ պայմանագիրը կամ  ալ նոր  ընկերութիւններու  առիթ տայ  այդ գործին համար:  Տարբեր    աղբիւրներ  կը խօսին, որ  աղբահանութեան տագնապի ետին  կան  քաղաքական դրդապատճառներ սակայն այս առումով  մինչեւ այս  պահը  յստակ  տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր:Նշենք, որ   հայկական «Ազդակ» օրաթերթը  այսօր այս նիւթին  վերաբերեալ  յատկացուցած է  «Պէյրութը Վերածուած  Է Աղբանոցի»  խորագիրը կրող  նիւթ մը: