image

Պէտք է յարգել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը. Զատուլին

Պէտք է  յարգել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը. Զատուլին

Պէտք է յարգել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Այս մասին Երեւանի մէջ ընթացող «Լազարեան ակումբի» նիստի ժամանակ յայտարարած է  Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ՝ Կոնսթանթին Զատուլին։ Ան ելոյթ ունեցած է տեսակամուրջի ձեւաչափով։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնը արգիլած էր Զատուլինի մուտքը երկիր՝ անոր անցանկալի անձ յայտարարելով։

Զատուլինի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքները պարտադիր կարգով պէտք է պաշտպանուին։

«Ինչպէս եւ մնացած մասնակիցներու համար, ինծի համար եւս կարեւոր է, որ այսօրուան իրավիճակին մէջ պաշտպանուած ըլլան ԼՂ-ի մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքները։ 30 տարի համաշխարհային հանրութիւնը կը փորձէ լուծել այս խնդիրը։ Ցաւօք, այդ չյանգեցուց խաղաղ լուծման։ Պատերազմ սկսաւ 2020 թուականին։ ԼՂ-ի մէջ մարդիկ վաղուց ընտրած են ինքնորոշման ճանապարհը։  Սա պէտք է յարգել՝ հակամարտութիւններէն եւ նոր արնահեղութենէն խուսափելու համար»,-ըսած է Զատուլին։