image

Պէտք չէ անուշադրութեան մատնենք Հայաստանը. Գանատացի գործիչ

Պէտք չէ  անուշադրութեան մատնենք  Հայաստանը. Գանատացի գործիչ

Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոս կոչ ըրած է անուշադրութեան չմատնելու հայ ժողովուրդը։ 

Այս մասին ան գրառում կատարած է X-ի իր միքրոպլոգին՝ կից հրապարակելով իր ելոյթը Գանատայի ծերակուտականին մէջ։

«Այսօր ամբողջ աշխարհով կը տեսնենք մեր անցեալը մոռնալու հետեւանքները։ Մենք կը կրկնենք մեր պատմութեան ամենամութ պահերը ոչ միայն Իսրայէլի, այլ նաեւ այնպիսի վայրերու մէջ, ինչպիսին է Արցախը։ Կը խնդրեմ՝ տեսէք, թէ ինչպէս կոչ կ'ընեմ անուշադրութեան չմատնելու հայ ժողովուրդը»,- գրած է ան։