Օրերս, Երեւանի մէջ, տեղի ունեցած է լիբանանահայ տաղանդաւոր գրող Պետիկ Հերկելեանի (գրական անունով` Պետրոս Հերեան) «Ընտրանի» գիրքին շնորհահանդէսը: Միաժամանակ ներկայացուած է գրողին նուիրուած «Յուշապսակ» գրքոյկը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝
Հայաստանի Գրողներու միութեան կլոր դահլիճին մէջ 18 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ տաղանդաւոր գրող Պետիկ Հերկելեանի (գրական անունով` Պետրոս Հերեան) «Ընտրանի» գիրքին շնորհահանդէսը: Միաժամանակ ներկայացուեցաւ գրողին նուիրուած «Յուշապսակ» գրքոյկը:
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը «Յուշապսակ» գրքոյկը հրատարակած է վաղամեռիկ գրողին 70-ամեակին առիթով, որ ամբողջացաւ այս տարի:
«Յուշապսակ»-ը կ՛ամփոփէ Պետիկ Հերկելեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին գրողներու, գրականագէտներու, զինք ճանչցողներու, մտերիմներու գրութիւններ, գնահատականներ, յուշեր, իսկ «Ընտրանի» գիրքը Պետիկ Հերկելեանի ստեղծագործութիւններուն գրեթէ ամբողջական ժողովածուն է, որուն նախաձեռնութիւնը կը պատկանի գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեանին: Ան խմբագրած է գիրքը, գրած է յառաջաբան, որուն մէջ անուանի գրականագէտը տալով Պետիկ Հերկելեանի դիմանկարի ուրուագիծը` նշած է, որ առաջին գիրքէն գրողը գրականութիւն մուտք գործած է գաղափարական, գեղագիտական որոշակի արտայայտուած դաւանանքով, որուն աննահանջ հետեւած է ամբողջ կեանքին մէջ: Ալեքսանդր Թոփչեան այսպէս գնահատած է Պետիկ Հերկելեանի ժառանգութիւնը. «Վաղամեռիկ տաղանդներու մասին երբեմն ցաւով եւ, մեր խորին համոզումով, ոմանք կը գրեն, որ եթէ գոնէ տասը-տասնհինգ տարիով աւելի ապրէին, ապա ինչպիսի՜ հրաշքներ պիտի արարէին: Կարելի է, չենք ժխտեր: Սակայն այդ` թէկուզ անկեղծ արտայայտուած ափսոսանք է, բայց եւ այնպէս կարծես ակամայ ստուեր կը դնէ այն ամէնուն վրայ, որ վաղամեռիկ գրագէտը հասցուցած է ստեղծել իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին: Մենք ուրիշ ձեւով կ՛արտայայտուինք:
Եթէ Պետրոս Հերեան իր երեք ժողովածուէն, մէկ վիպակէն եւ աւարտաճառէն ետք այլեւս ոչինչ գրէր եւ այսօր մեր կողքին գտնուէր, մենք դարձեալ մեր գնահատումի եւ երախտագիտութեան խօսքը կ՛արտայայտէինք այդ թէկուզ ծաւալով ոչ մեծ, բայց արժէքաւոր ժառանգութեան համար»:
Շնորհահանդէսին խօսքեր արտասանողները նշեցին, որ Պետիկ Հերկելեանի գրական ժառանգութիւնը` արձակ եւ չափածոյ գործերը, իրենց ուրոյն տեղը ունին հայ գրականութեան մէջ` թէ՛ իբրեւ գեղարուեստական գործեր, թէ՛ ժամանակի շունչն ու ոգին պատկերող ստեղծագործութիւններ, որոնք սակայն արդիական են միշտ:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան նշեց, որ Պետիկ Հերկելեան անուանի չէր Հայաստանի մէջ, եւ բարեբախտաբար ու շնորհիւ վերջին տարիներու քանի մը հրատարակութիւններուն եւ անոնց նուիրուած ձեռնարկներուն` ան արդէն ճանաչում գտած է մայր հայրենիքի մէջ:
2022 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Պետիկ Հերկելեանի ստեղծագործութիւններու գրեթէ ամբողջական ժողովածուն` «Ընտրանի» խորագրով: Է. Միլիտոնեան իր խօսքին մէջ Հերկելեանի բանաստեղծական տաղանդը գնահատելէ բացի` նշեց նաեւ անոր քաղաքական երգիծանքի շնորհքը, որ որոշակիօրէն շարունակած է արեւմտահայ գրականութեան նոյն տեսակի գրողներու գիծը: Գրողներու միութեան նախագահը կարեւոր նկատեց նաեւ խաղարկային, դիպաշարային բանաստեղծութիւն գրելու Պետիկ Հերկելեանի տաղանդը, որուն իբրեւ արդիւնք` ծնած են այդ տեսակի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ:
Գրող Հենրիկ Էդոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ մեր գրականութեան մէջ շատոնց վերացած են արեւմտահայ, սփիւռքահայ, հայրենի գրականութիւն սահմանումները. ըստ Էդոյեանի, կայ մէկ` հայ գրականութիւն, եւ Պետիկ Հերկելեանը հայ գրականութեան վառ ներկայացուցիչներէն է. «Ան իր գրականութեան մէջ որոնած է ճշմարտութիւնը: Եւ յատկանշական է, որ անոր գրածները ամպագոռգոռ չեն, ճառային չեն, որոնցմով, ցաւօք սրտի, լեցուած է մեր գրականութիւնը», հաղորդեց Հենրիկ Էդոյեան:
Գրական այս հանդիպումին խօսք արտասանեց նաեւ գրող Վահան Զանոյեան: Ան նշեց, որ թէեւ իր հայրենակից Պետիկ Հերկելեանը չէ ճանչցած, սակայն անոր գրածները ամբողջական ճանաչում կու տան գրողին մասին, որուն գրականութեան մէջ, Զանոյեանի բնորոշումով, չարչարուած, յոգնած բառեր չկան: Ան նաեւ մատնանշեց այնճարցիի բնորոշ այն լաւագոյն յատկանիշները, որոնք կրած է Պետիկ Հերկելեան, եւ որոնք արտայայտուած են անոր գործերուն տողատակերուն մէջ եւ առանձնացուցած` յատկապէս հողի պաշտամունքը, ըսելով, որ անոր արծարծած տիեզերական, համամարդկային հարցերէն բացի` հողի այդ պաշտամունքը ամէնէն այժմէական գիծն է, որ կայ իր գրականութեան մէջ:
Խօսք արտասանողներէն հրատարակիչ Վան Արեան նշեց, որ ոգեւորութեամբ եւ ափսոսանքով ստանձնած է գիրքին հրատարակութիւնը. «Ոգեւորութեամբ, որովհետեւ նոր գրող յայտնաբերած եմ, իսկ ափսոսանքով, որ կենդանութեան օրօք չեմ ճանչցած այսպիսի տաղանդի», հաղորդեց Վան Արեան:
Պետիկ Հերկելեանի նուիրուած հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին նաեւ գրող, հրապարակախօս Սագօ Արեանը, հանրային գործիչ Րաֆֆի Տուտաքլեանը, որ անդրադարձաւ այն ազդեցութեան, որ Պետիկ Հերկելեան ունեցած է իր սերունդի եւ աւելի փոքրերուն վրայ, որոնց համար Պետիկին հետ ամէն մէկ հանդիպումը սպասուած էր:
Բանաստեղծ, հրապարակախօս Սագօ Արեան կարեւոր նկատեց այն գնահատանքն ու արժեւորումը, որ տաղանդաւոր, ինքնատիպ բանաստեղծները կարիքը ունին սփիւռքի մէջ, ուր գաղութները սովորաբար աւանդական են եւ նորարարութիւնը, ինքնատիպութիւնը միշտ չէ, որ գրկաբաց կ՛ընդունուին: «Պետիկ երբ կը գրէր, կը նոյնանար իր գրութեան հետ եւ ճանապարհ կը բանար բոլոր անոնց, որոնք իր ետեւէն եկան եւ այսօր խմբագիր, տնօրէն եւ կամ այլ պաշտօններ ստանձնեցին: Պետիկ ինչ-որ առումով հիմնադիր դարձաւ սերունդի մը, որ հող պատրաստեց շատ շարժումներու համար», յայտնեց Սագօ Արեան:
Պետիկ Հերկելեանի մասին խօսք արտասանեց նաեւ նախկին դիւանագէտ Յովսէփ Սէֆէրեանը, իսկ ասմունքողներ Մանէ Այնթապլեանն ու Նարեկ Ղազարեանը ասմունքեցին Պետիկ Հերկելեանի յատկանշական բանաստեղծութիւններէն:
Ձեռնարկի աւարտին Պետիկ Հերկելեանի ընտանիքէն (եղբօրորդին) արուեստաբան, ֆինանսիստ Հերակ Հերկելեան իր երախտիքի եւ շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք արժեւորեցին Պետիկ Հերկելեանի գործն ու վաստակը:
«Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան նախագահ Պերճ Ղազարեան Պետիկ Հերկելեանը յետմահու պարգեւատրեց «Մուսա Լեռ» յուշամետալով, որ յուշագրին հետ միասին յանձնուեցաւ Պետիկ Հերկելեանի եղբօրը` արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանին: