Հոկտեմբեր 25-ին ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի յատուկ օգնական եւ ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւրոպական հարցերով աւագ տնօրէն Ամանտա Սլոթի հետ: Այս մասին յայտնած են Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի գրասենեակէն:
Կողմերը քննարկած են ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ զարգացման օրակարգը։