Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման կողմէ Կազայի հատուածին մէջ պահուող պատանդներու յաջորդ խումբը ազատ պիտի արձակուի շաբաթ օր՝ նոյեմբեր 25-ին։ Այս մասին նոյեմբեր 24-ին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտենը։ Այս մասին գրած է The Guardian-ը:
«Պատանդներու այսօրուան ազատ արձակումը գործընթացի միայն սկիզբն է. Մենք կ՚ակնկալենք, որ վաղը աւելի շատ պատանդներ կ՚ազատուին, յետոյ վաղը եւ միւս օրը»,-ըսած է Կազայի մէջ պատանդառութեան իրավիճակի վերաբերեալ ելոյթի ժամանակ։
ԱՄՆ նախագահի խօսքով՝ պատանդներու ազատ արձակման վերաբերեալ ՀԱՄԱՍ-ի հետ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը լաւ կ՚ընթանայ, սակայն սա գործընթացի միայն սկիզբն է։ Ան ըսած է, որ կը տեսնէ Կազայի հատուածին մէջ մարտերու դադարը երկարացնելու «իրական հնարաւորութիւն»:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլցի պատանդներու առաջին խումբը յանձնուած է Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն։
«ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ ազատ արձակուած 13 իսրայէլացի պատանդներու խումբը հատած է Եգիպտոսի սահմանը», -հաստատած է The Times of Israel-ը:
Բացի այդ, Կազայի հատուածին մէջ ազատ արձակուած 11 թաիլանտացի եւ ֆիլիփինցի պատանդներու խումբն արդէն ժամանած է Իսրայէլ։
Ասոր ի պատասխան Իսրայէլի բանտային ծառայութիւնը հաստատած է, որ 39 պաղեստինցի կին եւ անչափահաս ազատ արձակուած են բանտերէն եւ ժամանած են Պէյթունիա անցակէտ: