image

Պայտըն. Մենք պատերազմին մասնակից չենք

Պայտըն. Մենք պատերազմին մասնակից չենք

ԱՄՆ-ի զօրքերը Ուքրանիոյ մէջ չեն կռուիր Ռուսաստանի հետ, յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն:

«Ես կը կրկնեմ, որ մեր ուժերը Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի հետ հակամարտութեան մէջ պիտի չներգրաւուն: Մեր ուժերը Եւրոպա կ'երթան ոչ թէ Ուքրանիոյ մէջ կռուելու, այլ՝ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները պաշտպանելու եւ արեւելեան թեւին մէջ գտնուող մեր դաշնակիցներուն աջակցելու համար», ըսած է Պայտըն: