Նուազագոյն չորս անձ վիրաւորուած է, երկուշաբթի օր Պոլսոյ խանութներէն մէկուն մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Մայատին» կայանը, նշելով որ պայթումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ ելեկտրոնային սարքեր վաճառող խանութներէն մէկուն մէջ:
Տեղական աղբիւրներու հաղորդմամբ, պայթումի պատճառ հանդիսացած է ռումբ պարունակող՝ խանութ ուղարկուած տուփ մը: Աղբիւրները նաեւ ընդգծած են, որ վիրաւորներէն մէկուն վիճակը ծանր է: