image
Հրատապ լուրեր:

Պայրամով մեծ գումարներ խոստացած է Ուքրանիոյ համար

Պայրամով մեծ գումարներ խոստացած է Ուքրանիոյ համար

Ատրպէյճան առնուազն 10 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Ուքրանիոյ վերականգնման համար, յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ Մեծ Բրիտանիա կատարած աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս Ուքրանիոյ վերականգնման նուիրուած համաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ինչպէս նշած է Պայրամով, «Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, որ յանգեցուցած է բազմաթիւ զոհերու եւ մարդասիրական աղէտի, մեծ վտանգ կը ներկայացնէ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար։ Այդ կապակցութեամբ ընդգծուած է, որ Ատրպէյճանը հանդէս կու գայ այս ճգնաժամի շուտափոյթ լուծման օգտին՝ Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան շրջածիրէն ներս»։

«Ատրպէյճանը կը նախատեսէ շարունակել իր ներդրումն ունենալ Ուքրանիան վերականգնելու եւ վերակառուցելու ջանքերուն մէջ, մասնաւորապէս՝ ուղարկելով ելեկտրասարքաւորումներ եւ Իրպին քաղաքին մէջ իրականացնելով վերակառուցման ծրագրեր։ Այս օգնութեան ընդհանուր գումարը պիտի կազմէ առնուազն 10 միլիոն տոլար»,-ըսած է Պայրամով։

Այնուհետեւ, Պայրամով, սովորութեան համաձայն, Հայաստանը մեղադրած է «ականապատ դաշտերու ճշգրիտ քարտէզներ չտրամադրելու մէջ»։ Վերադառնալով քննարկման թեմային՝ ատրպէյճանցի նախարարն ըսած է, որ Ատրպէյճանը մտադիր է Ուքրանիոյ ականազերծման սարքաւորումներ տրամադրել։