image

Պայրամով խօսեցաւ «Անքլավներ»ու կարեւորութեան մասին

Պայրամով խօսեցաւ «Անքլավներ»ու կարեւորութեան մասին

Անքլավներու հարցը իրականութիւն է, որ ոչ ոք կրնայ հերքել։ Այս մասին Դեկտեմբեր 27-ի տարուայ ամփոփիչ մամուլի ասուլիսին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

«Անկախ տարբեր քարտէզներուն կատարուող տարբեր յղումներէն՝ տակաւին խորհրդային ժամանակներուն մէջ կային այնպիսի բնակավայրեր, որոնք գոյութիւն ունեցած են հարիւրաւոր տարիներ։ Այնտեղ եղած են պետական եւ մասնաւոր սեփականութեան առարկաներ, փաստաթուղթեր։ Կարելի չէ ժխտել այդ։ Բայց ի՞նչ ձեւով պէտք է լուծուին այդ հարցերը ներկայ դարաշրջանին։ Միայն սահմանազատման ընթացքին։ Անոր համար ալ կարեւոր է ստեղծել հայ-ատրպէյճանական աշխատանքային խումբ, եւ մենք անոր պատրաստ ենք։ Մենք պէտք է իրատես ըլլանք. պէտք է կատարել համակարգուած եւ անընդհատ աշխատանք այս ոլորտին մէջ։ Ատրպէյճանը կը կարծէ, որ գործընթացը պէտք է ընթանայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, եւ որեւէ լարուածութիւն զինուորականներու միջեւ պէտք չէ ըլլայ», ամփոփած Պայրամովը։