Սեպտեմբեր 24-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հանդիպումը։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Բայրամով իրանցի գործընկերոջը տեղեկացուցած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մասին։ Ան ըսած է, որ վերջնական խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ամենալուրջ խոչընդոտը Հայաստանի շարք մը իրաւաքաղաքական փաստաթուղթերու մէջ, յատկապէս Սահմանադրութեան մէջ «Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջներու» առկայութիւնն է։
Պայրամով նաեւ բողոքած է, որ Հայաստանի մէջ շարունակուող «վրէժխնդրական միտումներու» լոյսին տակ տարբեր պետութիւններու կողմէ Երեւանին ռազմական աջակցութեան աճը «կը վնասէ» տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերուն։