Եւրոմիութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները պայմանաւորուած են ստեղծել Ուքրանիոյ հետ համերաշխութեան վստահութեան հիմնադրամ` ռուսական ռազմական գործողութեան աւարտէն յետոյ երկրի վերականգնումը ֆինանսաւորելու համար: Այս մասին ըսուած է ԵՄ գագաթաժողովի յայտարարութեան մէջ:
«Հաշուի առնելով Ռուսաստանի ռազմական յարձակման հետեւանքով Ուքրանիոյ հասցուած աւերածութիւնները եւ հսկայական կորուստները` Եւրոմիութիւնը հաւատարիմ է աջակցելու Ուքրանիոյ կառավարութեան` բաւարարելու իր հրատապ կարիքները եւ, երբ ռուսական յարձակումը աւարտի, վերականգնելու ժողովրդավարական Ուքրանիան: Այդ նպատակով Եւրոպական խորհուրդը կը համաձայնի ստեղծել Ուքրանիոյ հետ համերաշխութեան հաւատարմագրային հիմնադրամ եւ կը հրաւիրէ իր միջազգային գործընկերները մասնակցելու, ինչպէս նաեւ կոչ կ'ընէ նախապատրաստական աշխատանքները սկսելու առանց յապաղելու», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Գագաթաժողովին մասնակիցները Քիեւին խոստացած են նաեւ միջազգային նուիրատուներու համաժողով կայացնել` Լիպիոյ եւ Սուրիոյ օգնութիւն տրամադրելու նպատակով կայացուող հերթական համաժողովներուն նման:
Փաստաթուղթին մէջ կ'ընդգծուի, որ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ ցուցաբերել քաղաքական, ֆինանսական, նիւթական եւ մարդասիրական աջակցութիւն:
Եւրոմիութեան երկիրներու ղեկավարները նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած են նոր կոշտ պատժամիջոցներ կիրառելու Ռուսաստանի եւ Պելառուսիոյ դէմ: