Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։
«Արեւիկ» բուժմիաւորուման մէջ 8 երեխայ կը գտնուի վերակենդանացման եւ նորածնային բաժանմունքներուն մէջ:
Անոնցմէ 4 ամսական փոքրիկի առողջական վիճակը, որուն մօտ ախտորոշուած էր «ներքին օրկաններու լէիշմանախտ», կը շարունակէ մնալ ծանր եւ կը ստանայ համապատասխան բուժում:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն» -ին մէջ 11 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են, բժիշկներու կողմէ կը կատարուի հնարաւորը հիւանդներու վիճակը կայունացնելու համար: ԱՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը ձեռնարկէ հնարաւոր բոլոր միջոցները շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը պատշաճ յաղթահարելու համար։ Արցախէն Երեւան տեղափոխուած սրտային ախտով հիւանդի կորոնար շրջերակը փոխելը աւարտած է բարեյաջող: Հիւանդը տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժանմունք, առողջական վիճակը մասնագէտները կայուն կը գնահատեն: