Ատրպէճանական զանգուածային լրատուական միջոցներուն մէջ լուրջ «հիսթերիա» տարածուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան պետական գնումներու կայքին մէջ տեղ գտած ձեւակերպումներու կապակցութեամբ:
Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը փակ մրցոյթ յայտարարած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքը գտնուող Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ճամբարներու զօրանոց բնակարանային զօրաբաժիններու համակողմանի սպասարկման կազմակերպման եւ իրականացման համար»: Մրցոյթը յայտարարուած է 13 Օգոստոսին, հայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը 2021-ի 16 Սեպտեմբերին է:
«Հիսթերիա»ն, բնականաբար, առաջացած է «հանրապետութիւն» բառի պատճառով: