image

Պաքուի կողմէ հրադադարի խախտումները կը վկայեն Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման չկամութեան մասին. Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւն

Պաքուի կողմէ հրադադարի խախտումները կը վկայեն Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման չկամութեան մասին. Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւն

Պաշտօնական Ստեփանակերտ դատապարտեց ատրպէյճանական կողմի սադրանքները, որոնք կը կատարուին Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումէն անմիջապէս ետք:

«Արցախի ապօրինի շրջափակումն անյապաղ վերացնելու անհրաժեշտութեան համատեքստում հումանիտար (մարդասիրական) եւ ենթակառուցուածքային հարցերով կողմերի միջեւ կայացած քննարկումների ֆոնին Ադրբեջանի գործողութիւններն ակնյայտօրէն վկայում են Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ իր` այդ թւում նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումից բխող յանձնառութիւններն անվերապահօրէն կատարելու չկամութեան մասին», կ'ըսուի Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ միջազգային հանրութիւնը շարունակէ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու յստակ միջոցներու կիրարկումը` զսպելու վերջինիս ապակառուցողական գործողութիւնները եւ մտադրութիւնները, «որոնք միտուած են հարցերն ուժային ճանապարհով լուծելուն»: