image

Պաքու պատրաստ է խաղաղութեան. Խալաֆով

Պաքու  պատրաստ է խաղաղութեան. Խալաֆով

Պաքուն պատրաստ է խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Երեւանի հետ, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը:

«Եթէ Հայաստանը քաղաքական կամք դրսեւորէի, մենք պատրաստ ենք փակեուլ հակամարտութեան պատմութեան էջը, ինչպէս նաեւ խաղաղ համաձայնագիր կնքելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար», նշած է ան:

Խալաֆովի խօսքով, հիմնական առաջնահերթութիւնը հաղորդակցութիւններու վերականգնումն է, այդ շարքին` դէպի Նախիջեւան երկաթուղիի եւ մայրուղիի բացումը:

«Մենք պատրաստ ենք առանց նախապայմաններու սկսելու Հայաստանի հետ սահմանի սահմանազատման գործընթացը: Միեւնոյն ժամանակ կրնայ տեղի ունենալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այլ կապերու վերականգնման գործընթաց», ընդգծած է Խալաֆովը: