Հնարաւոր է` Պաղեստինի ազգային վարչակազմի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս պաշտօնական այցով մեկնի Թուրքիա: Տեղեկութիւնը յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում ընելով «Hürriyet» թերթին։
«Ապպասը Թուրքիա պիտի այցելէ այս ամիս», - գրած է սիւնակագիր Հանտէ Ֆիրաթը:
Յիշեցնենք՝ 3 յուլիսի լոյս գիշերը Իսրայէլի բանակի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած էր Ժըննինի եւ փախստականներու նոյնանուն ճամբարին մէջ լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսելու մասին: Իսրայէլեան բանակը 10-էն աւելի օդային հարվածներ հասցուցած է պաղեստինցիներու ենթակառուցուածքներուն:
Թուրքիան, ի դէմս արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի, դատապարտած էր իսրայէլեան բանակի գործողութիւնը պաղեստինցիներու ճամբարին մէջ: