«Օսմանեան կայսրութեան ժամանակները անցած են»,- ըսած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Նիքոս Տենտիասը կոչ ընելով Թուրքիոյ հետեւելու միջազգային իրաւունքի նորմերուն, տեղեկացուցած է Kathimerini-ն։
«Թուրքիան պէտք է վերջապէս հասկնայ, որ այլեւս չի կրնար ինքզինք այնպէս պահել, կարծես կ'ապրինք 18 կամ 19-րդ դար»,- ըսած է Տենտիասը։ «Օսմանեան կայսրութեան ժամանակները անցած են... Միջազգային իրաւունքի եւ ծովային իրաւունքի յարգումը ղեկավար սկզբունք է պետութիւններու յարաբերութիւններու միջեւ»,- նշած է ան։ «Այդ գիտակցիլը կ'ըլլար թրքական հասարակութեան շահերուն համապատասխան, որու մեծ մասը, կը կարծեմ, արդէն կը կիսուի այս մօտեցումները»,- ըսած է նախարարը։