image

«Օր չկայ, որ անոնք չխայտառակեն մեր երկիրը» Գեղամ Մանուկեանը «Իմ քայլ»ական պատգամաւորներուն մասին

«Օր չկայ, որ անոնք չխայտառակեն մեր երկիրը» Գեղամ Մանուկեանը «Իմ քայլ»ական պատգամաւորներուն մասին

Յիշեցէք մէկ տարի առաջ այս օրերուն ինչ փոփոխութիւններով զբաղուած էր իշխանութիւնը, երկրի բոլոր կարեւոր խնդիրները թողած՝ իրենց քիմքին հաճոյ Սահմանադրական դատարան կ'ուզէին ձեւաւորել, հիմա ալ նոյնն է, կարեւոր խնդիրները թողած՝ այլ բանով զբաղուած են, ատոր համար այս բողոքի գործողութիւնը տեղի կ'ունենայ: Այս մասին ԱԺ դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Երկիր մետիա» ՀԸ լրատուական բաժնի ղեկավար Գեղամ Մանուկեանը:

«Գումարած դրան՝ այստեղ կանգնած ցանկացած քաղաքացի հասկանում է, որ այս շէնքում հաւաքուած պատգամաւորների մի ճնշող մեծամասնութիւն, որն ունի ցուցանակ՝ «Իմ քայլը» անունով, ամէն օր խայտառակում է մեր ժողովրդին, մեր երկիրը, հայութեան քաղաքական միտքը, որովհետեւ օր չկայ, որ «Իմ քայլի» որեւէ պատգամաւոր յիմարութիւն դուրս չտայ, խայտառակ յայտարարութիւն չանի, հերթական անգամ վտանգի տակ չդնի մեր անվտանգութիւնը, երէկ Անուշ Բեղլոյեանի հարցն էր, գիշերը մէկ ուրիշի ապուշ արտայայտութիւններն էր, որը հերթական անգամ փորձ էր անում հիմնաւորել Փաշինեանի դաւաճանական յայտարարութիւնը Շուշիի մասին մէկ աւելի յիմարութեամբ, փորձում էր հիմնաւորել՝ այո, Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ է: Ամէն օր սա տեղի է ունենում»,- յայտարարած է Մանուկեանը:

Ան նշած է, որ երէկ իմացանք Անուշ Բեղլոյեանի այդ յայտարարութեան մասին, բայց քանի՞ նման համաժողովներ տեղի ունեցած կ'ըլլան, որոնց բովանդակութեան ծանօթ չենք: Ան չէ բացառած, որ այս տարիներու ընթացքին նման յայտարարութիւններ շատ եղած են, ուղղակի չէ բարձրաձայնուած: «Դա իրենց մօտ գաղափարախօսութիւն է եւ հայ ժողովուրդը պէտք է իմանայ, որ 2018 թուականի դեկտեմբեր ամսին խորհրդարան բերուել է 88 հոգանոց պատգամաւորական խումբ, որը կարծում է՝ կարեւոր չէ, թէ Արցախն ում հողն է, մոռանանք պատերազմը, ոնց անենք ատրպէյճանցիների հետ հաշտ ու համերաշխ ապրենք Արցախում»,- շեշտած է ան:

Գեղամ Մանուկեանը նշած է, որ սա միայն «Հայրենիքի փրկութեան» շարժման խնդիրը չէ, ամէն արժանապատւութիւն ունեցող քաղաքացի պէտք է իր բողոքն արտայայտէ: