Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, օրերս, մեծաշուք տօնակատարութեամբ յիշատակուած է Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակը՝ նորակառոյց եկեղեցւոյ նոր սրահին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
«Ինիսուն տարիներու ծառայական կեանք մըն է, զոր այսօր հաւաքուած ենք տօնելու։ Մենք կը մեծարենք, կը գնահատենք ու կ՚արժեւորենք Ճեզիրէի ինքնութիւնն ու արժէքները, իսկ անցեալէն եկող ներուժը մեզ կը գօտեպնդէ, որպէսզի ներկային ընդմէջէն՝ դէպի ապագայ նայելով, շարունակենք մեզի փոխանցուած նախնիներու աւանդը»
Մակար Ս. Արք. Աշգարեան
Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան մեծաշուք տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակը՝ նորակառոյց եկեղեցւոյ նոր սրահին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ճեզիրէի եւ Եփրատի շրջանի Առաջնորդ Տ. Մար Մորիս Ամսիհ Սրբազանը, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, պետական ու համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային երեսփոխաններ, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն։
Բեմավարներ՝ Զարուկ Թովմասեան-Արոյեան ու Յարութ Մատարճեան Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին բացումը կատարելու «Տէրունական» աղօթքով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Պարսումեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց. «Այս փառապանծ ու սրբազան առիթը ոչ միայն կը յիշատակէ 1934-ի հիմնադրութեան եւ օծման փառահեղ պահը, այլ նաեւ կը վկայէ մեր համայնքի ամրութեան, դիմացկունութեան եւ հաւատքի անսասանութեան մասին։ Հայերու հոսքը դէպի Գամիշլի սկսած է 1920-ական թուականներու սկզբնաւորութեան։ Առաջին ընտանիքները գաղթեցին Տիգրանակերտէն, Սասունէն, Պշէրիքէն, Ուրֆայէն, Այնթապէն եւ ընդհանրապէս Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ զանազան գաւառներէն։ Այսօր համախմբուած ենք ոչ միայն յոբելեանը նշելու, այլ նաեւ խոնարհելու մեր նախահայրերու յիշատակին»։
Օրուան խորհուրդը պատմական եւ վաւերագրական ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը։ Ան յիշեց Ճեզիրէի շրջանին մէջ հաստատուած հայերու բարձր ազգային գիտակցութիւնը, որ դրսեւորուեցաւ իւրաքանչիւր հայաբնակ գիւղի մէջ ազգային դպրոց հիմնելու եւ պահպանելու վճռակամութեամբ՝ հայ լեզուն ու մշակոյթը կենդանի պահելու համար։ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցաշինութեան առաջին տարիներու դժուարութիւններուն եւ ըսաւ.
«Ահա Սուրիոյ հիւսիսային հեռաւոր հողերուն վրայ, Գամիշլիի Ճախ-Ճախ գետի ափին, ձեխով ու գերաններով կանգնեցուեցաւ եկեղեցին՝ ոչ թէ ջուրով, այլ առաջին հայերու քրտինքով օրհնուած, ոչ թէ գամերով, այլ անոնց արիւնով ամրացած։ Այդ խոնարհ սրբավայրին մէջ Սուրբ Հոգին հանգչեցաւ ու զայն օծեց «Առաքելոյ աղաւնոյ» երգակցութեամբ, երջանկայիշատակ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի ձեռամբ, 4 Նոյեմբեր 1934-ին»։
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց Վահագն Դաւիթեանի «Գիշերային զրոյց Նարեկացու հետ» բանաստեղծութիւնը, որ տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Աբիկ Քեհեայեան։
Ներկայացուեցաւ նաեւ Յովիկ Օհանեանի կողմէ արաբերէնով գրուած բանաստեղծութիւն մը՝ նուիրուած Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ յոբելեանին, որ ասմունքեց բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան։
Համազգայինի Վանայ պարախումբը ելոյթ ունեցաւ երկու պարերով՝ պարուսոյց Կարինէ Տօնապետեանի ղեկավարութեամբ։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտական երգչախումբը՝ գեղարուեստական խմբավարութեամբ հոգեշնորհ Հայր Սուրբին։ Երգացանկէն յիշատակելի էր «Մուրածին թագաւորը» երգը, որուն խօսքը գրած է գամիշլիածին Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան, իսկ երաժշտութիւնը՝ Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան (այժմ՝ Արքեպիսկոպոս)։
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր Ճեզիրէի նախկին առաջնորդներ եւ գամիշլիածին հոգեւոր առաջնորդներ իրենց շնորհաւորանքներն ու տպաւորութիւնները յայտնեցին։ Խօսքեր ուղղած էին՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան՝ Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը, Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդը, եւ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան՝ Ա.Մ. Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդը։
Այնուհետեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նուիրուած երգը իր թիւթիչ ձայնով մեներգեց Լուսի Յովհաննէսեան։ Երգին խօսքը գրած է Մանօ Դաւիթեան, երաժշտութիւնը՝ Գայանէ Սիմոնեան-Տէրեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի։
Հանդիսութիւնը օրհնուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ուղարկած կոնդակով, զոր ընթերցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը ծառայութեան շքանշաններով գնահատեց Գամիշլիի մէջ երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած հայորդիներ՝ Զաւէն Գասպարեան, Գէորգ Կարապետեան եւ յետմահու բժ. Սերոբ Ազատեան։
Իր հայրական խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ընդգծեց. «Հայը, ուր որ ալ գտնուի, կեանքը կը լուսաւորէ ու կը գեղեցկացնէ իր շինարարութեամբ, համերաշխութեամբ եւ ստեղծագործ ոգիով։ Հետեւելով իր Տիրոջ օրինակին՝ ան կ՚ապրի ոչ միայն ինքզինքին համար, այլ այն համոզումով, որ կեանքը կը բնորոշուի տալով եւ կը յատկանշուի ստեղծագործութեամբ։ Ամեակները մեզ կը կոչեն հաշուեհարդարի եւ ինքնաքննութեան, որպէսզի մեր յիշողութիւնը սրաթափանց դարձնենք եւ հաստատակամ շարունակենք նախնիներու աւանդը»։
Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց երեք օրուան ընթացքին իրականացած ձեռնարկները, պատասխանատու մարմինները, կազմակերպիչ յանձնախումբերը, միութիւնները, Ճեզիրէի հայ գաղութը եւ Առաջնորդական Փոխանորդը։
Աւարտին Սրբազան Հայրը արծաթեայ լանջախաչով պարգեւատրեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, որմէ ետք «Պահպանիչ» աղօթքով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։

