image

Օնթարիոյի մէջ տեղադրուեցաւ Սառա Քորնինկի յուշարձանը

Օնթարիոյի մէջ տեղադրուեցաւ Սառա Քորնինկի յուշարձանը

Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքի «Յուսոյ Անտառ» պուրակին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի յուշարձանի բացման արարողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

13 Յուլիսին, Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքի «Յուսոյ Անտառ» պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի յուշարձանի բացման արարողութիւնը։

Սառա Քորնինկ ծնած է Գանատայի Նովա Սքոշիա նահանգի Եարմութ քաղաքին մէջ։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն, ան եղած է Ամերիկայի Կարմիր Խաչի բուժքոյր։ 1919ին, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէին (Near East Relief) կողմէ գործուղուած է Փոքր Ասիա՝ օժանդակելու թրքական սպանդներէն փրկուած յոյն, հայ եւ ասորի գաղթականներուն: Քորնինկ փրկած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ որբեր: Իբրեւ բուժքոյր՝ ան 1919ին որոշ ժամանակահատուածի մը ընթացքին գործած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ օգնութեան ձեռք երկարած հարիւր հազարաւոր հայ գաղթականներու, որոնցմէ շատեր վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէին:  Քորնինկ մահացած է իր ծննդավայր Եարմութի մէջ, 1969ին, 97 տարեկանին:

Մարքամի քաղաքապետութեան եւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին նախաձեռնութեամբ Սառա Քորնինկի յուշարձանի բացման արարողութեան հանդիսավարն էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ Ալիք Պարսամեան, որուն բացման խօսքէն ետք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան Ծ. վրդ. Թաշճեանի աղօթքով սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը։։ Յատուկ ուղերձներով ելոյթ ունեցան Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի, Եարմութի քաղաքապետ Փեմ Մուտ, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Հելենա Ժազէք, Փոլ Չիանկ եւ Պրետ Ռետեքոփ, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Լոկըն Քենըփեթի եւ Արիս Պապիկեան, Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նշան Աթիքեան, որոնք դրուատեցին իր կեանքը մարդկութեան նուիրաբերած գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի բարեգործական առաքելութիւնը։

Քօղածածկոյթի վերացման արարողութիւնը կատարեցին քաղաքապետներ Ֆրենք Սքարփիթի, Փեմ Մուտ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի նախագահ Վահան Աճէմեան եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նշան Աթիքեան։

Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր Sara Corning Centre for Genocide Education հիմնարկի հիմնադիր Րաֆֆի Սարգիսեան, որ ներկայացուց եւ արժեւորեց Սառա Քորնինկ մարդասէրի կեանքը եւ գործունէութիւնը։

Յուշարձանին հեղինակը գանատահայ քանդակագործ Կարէն Պետրոսեանն է։ Նշենք, որ 14 Սեմպտեմբեր 2019ին, Գանատայի Եարմութ քաղաքի պատմութեան թանգարանի շրջափակին մէջ եւս տեղի ունեցած էր բացումը Սառա Քորնինկի արձանին, որուն հեղինակ-քանդակագործը նոյնպէս Կարէն Պետրոսեանն է, իսկ մեկենասները՝ տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասերճեանները:

Քորնինկի գործունէութիւնը առաւել եւս հանրածանօթ դարձնելու նպատակով, 2016ին հիմնուեցաւ «Սառա Քորնինկ» կազմակերպութիւնը, իսկ  2011ին, Թորոնթոյի Ցեղասպանութիւններու Ուսմանց կեդրոնը անուանակոչուեցաւ Սառա Քորնինկի անունով: