Օրերս ԱՄՆ-ի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ ազգային , ակադեմական գործիչ Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան։
Ստորեւ հանգուցեալին մասին հակիրճ մահագրութիւն մը՝
Երեքշաբթի, 15 յուլիսին յետ երկարատեւ հիւանդութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ միջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ հեղինակութիւն ամրագրած, համաճարակաբան, ազգային կեանքին մէջ վաստակաւոր ներդրում ունեցած փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեանը:
Ան 1942 թուականին ծնած է Պէյրութ, աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալէ եւ բժշկագիտութեան դոկտորի աստիճանին տիրանալէ ետք ուսումը շարունակած է Պալթիմորի Ճոնզ Հոփքինզ համալսարանին մէջ` ստանալով հանրային առողջապահութեան բնագաւառի մագիստրոսի եւ դոկտորականի աստիճաններ:
Դասախօսած եւ պատասխանատու բարձր պաշտօններ վարած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, Պալթիմորի Ճոնզ Հոփքինզ համալսարանին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» հանրային առողջապահութեան բաժանմունքին եւ այլ բարձրաստիճան կրթական-առողջապահական կառոյցներու մէջ:
Փրոֆ. Արմէնեան հեղինակ է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու, համահեղինակ է գիրքերու, որոնք հիմնականօրէն նուիրուած են համաճարակաբանութեան, հանրային առողջապահութեան, կանխարգելիչ եւ գործնական բժշկութեան հարցերուն:
Տարբեր երկիրներու մէջ ծաւալած է նաեւ մարդասիրական աշխատանքներ` միջազգային կառոյցներու ճամբով:
Ազգային-մշակութային բնագաւառին մէջ Յարութիւն Արմէնեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն` իբրեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ երկար տարիներու վաստակաւոր, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ, «Գարակէօզեան» յիշատակը ձեռնարկի հոգաբարձու խորհուրդի անդամ, Լիբանանի հայ բժիշկներու միութեան գործադիր մարմնի անդամ եւ այլն:
Արժանացած է «Մովսէս Խորենացի»,«Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» եւ «Մայրի»-ի շքանշաններու:
Ակադեմական իր կրթութեան եւ գործունէութեան կողքին Յարութիւն Արմէնեան սիրողական արուեստագէտ է, որեւէ պահու եւ որեւէ տեղ շրջապատէն կամ ներաշխարհէն իրեն փոխանցուած ներշնչումը կը յանձնէ թուղթին` նորանոր եւ տարբեր բնոյթի ստեղծագործութիւններու «շունչ փչելով», ինչպէս ըսած է ան` աւելցնելով, որ ո՛ւր ալ երթայ, իր ջրաներկի տուփը կը հանդիսանայ իր անբաժան ընկերը, որովհետեւ որեւէ վայրկեան ան ներքին մղում կ՛ունենայ գծելու եւ պահը կամ բնապատկերը անմահացնելու իր պաստառներուն ճամբով: