image

Նոր զարգացումներ Յունաստանի մէջ երեւելի դարձած սքանտալի մասին

Նոր զարգացումներ Յունաստանի մէջ երեւելի դարձած սքանտալի մասին

Յունաստանի մէջ անընդհատ աճող լրտեսական սքանտալը (գայթակղութիւնը), պետական պաշտօնեաներու, լրագրողներու եւ գործարարներու անուններու երկար ցուցակի հրապարակումէն ետք, որոնք չարամիտ ծրագրերու զոհ դարձած են, նոր ընթացք ստացած է: Այս մասին կը գրէ Politico-ն։

Ըստ յունական Documento թերթի, անօրինական Predator լրտեսող ծրագրերու հետքեր յայտնաբերուած են 33 մարդու սարքերու մէջ, այդ շարքին՝ պահպանողական Նոր ժողովրդավարութեան կառավարութեան գրասենեակի մի քանի անդամներու եւ անոնց ընտանիքներու, գլխաւոր ընդդիմադիր SYRIZA կուսակցութեան քաղաքական գործիչներու, ինչպէս նաեւ լրագրողներու եւ գործարարներ սարքերու մէջ:

Պարզ չէ, արդեօ՞ք բոլոր ենթադրեալ զոհերը բացած են վնասակար յղումը, որու հետեւանքով ալ անոնց սարքերը վարակուած են, թէ ոչ: Պաշտօնեաներէն շատերը, որոնց հետ կապուած է թերթը, ըսած են, որ չէին գիտեր, որ իրենց կը գաղտնալսեն:

Ցուցակին մէջ ընդգրկուած են ֆինանսներու նախարարը, արտաքին գործոց նախարարը, քաղաքացիական պաշտպանութեան երկու նախկին նախարարները, զարգացման նախարարները, աշխատանքի եւ զբօսաշրջութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ անոնց ամուսիններն ու նաեւ յայտնի լրագրողներ եւ ընդդիմադիր գործիչներ։

Շաբաթ ուշ երեկոյեան տարածուած յայտարարութեան մէջ կառավարութեան խօսնակ Եանիս Օիքոնոմուն ըսած է, որ հրապարակումը ապացոյցներ չունի՝ աւելցնելով, սակայն, որ յօդուածը «պէտք է մանրակրկիտ հետաքննուի իշխանութիւններու եւ յատկապէս Յունաստանի դատարանի կողմէ»:

«Անհաւանական եւ վտանգաւոր է ենթադրել, որ վարչապետը գաղտնալսած է արտաքին գործոց նախարարին», -ըսած է արտաքին գործոց նախարարին մօտ կանգնած պաշտօնեան՝ նշելով, որ Յունաստանը մշտապէս միջոցներ կը ձեռնարկէ արտաքին գործոց նախարարի հաղորդակցութիւններու անվտանգութիւնը ապահովելու համար՝ ե՛ւ երկրէն ներս, ե՛ւ՝ դուրս։

Յունաստանի մէջ գաղտնալսման սկանտալ (գայթակղութիւնը) սկսած է ամրան, երբ ընդդիմութեան առաջնորդ Նիքոս Անտրուլաքիսը Predator ծրագրաշարի միջոցով հեռախօսները գաղտնալսելու փորձ բացայայտած էր: Օգոստոսին Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի կառավարութիւնը խոստովանած է, որ Անտրուլաքիսը կը գտնուի պետական հսկողութեան տակ, քայլ, որ, ըստ կառավարութեան, օրինական է, սակայն սխալ:

Այդ ժամանակէն ի վեր սագան (աւանդավէպ) վերածուած է լրտեսական զգայացունց տրամայի (թրիլըր), ուր լրտեսող ծրագրեր կը տեղադրուին քաղաքական գործիչներու եւ լրագրողներու անընդհատ ընդլայնուող ցանցի հեռախօսներու վրայ:

Աթենք կը հերքէ, որ երբեւէ անօրինական լրտեսական ծրագրեր օգտագործած կամ գնած է: