image

Նոր վկայութիւն Ատրպէյճան հասած վարձկանէ մը. «Չեմ գիտեր, թէ ինչու այստեղ եմ»

Նոր վկայութիւն Ատրպէյճան հասած վարձկանէ մը. «Չեմ  գիտեր, թէ ինչու այստեղ եմ»

Ռուսական «ԻնոՓրեսա» կայքը կը յայտնէ, որ Գերմանական Der Spiegel պարբերականը ապացոյցներ ունի այն մասին, որ Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողանը սուրիացի վարձկաններ նպատակաուղղուած կ'ուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի:

Գերմանական պարբերականի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին, 24-ամեայ սուրիացի Իպրահիմը յայտնած է, որ կը գտնուի ապաստարանի մը մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի առաջնագիծի հարեւանութեամբ: «Իր խօսքով՝ ապաստարանի վրայէն կը թռչին հայկական կործանիչները: Մեր ուղղութեամբ հարուածներ կը հասցուին: Մենք այնքան շատ մարդ կորսնցուցած ենք, որ արդէն չեմ կրնար հաշուել անոնց: Ես միայն յոյս ունիմ, որ դուրս կու գամ այստեղէն»,- ըսած է Իպրահիմ:

«Իպրահիմը, որ հետապնդումներէն խուսափելու համար չէ ցանկացած հրապարակել իր ամբողջական անունը, նշած է, որ մինչեւ վերջերս մարտնչած էր Պաշար Ասատի դէմ Սուրիոյ ազատ բանակի «Սուլթան Մուրատ» գունդի կազմէն ներս, սակայն այժմ կը ծառայէ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին, որ Սուրիոյ ազատ բանակի միակ դաշնակիցն է ներկայ պահուն»,- ըսուած է Der Spiegel-ի յօդուածով:

Պարբերականի հետ զրոյցին, Իպրահիմ ըսած է, որ իր ընկերներէն ոմանք հրաժարած են մասնակցելէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացող պատերազմին, սակայն ինքը համաձայնած է, քանի որ պիտի կերակրէ իր ընտանիքը: Իր կինն ու երեք երեխաները կը բնակին թուրք-սուրիական սահմանը գտնուող ճամբարը: Իպրահիմին 1000 տոլար ամսավճար առաջարկած են Կովկասի ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու համար:

«Ես չեմ գիտեր, թէ ինչու այստեղ եմ »,- ըսած է Իպրահիմը ու ափսոսանք յայտնած, որ համաձայնած է այդ աշխատանքին՝ չնայած վարձատրութեան: