Անցնող ժամերուն Արցախեան տեսադաշտը դարձեալ մթանգնած էր։ Ատրպէյճանեան ուժեր կազմակերպուած սադրանքի դիմելով կրակ կը բանար իրենց ռութինային աշխատանքները կատարող արցախցի ոստիկաններու ուղղութեամբ սպաննելով անոնցմէ երեքը։ Կ՚ունենայինք նաեւ մէկ վիրաւոր մինչ ատրպէյճանեան կողմը կը յայտարարէր, որ եղածին հետեւանքով ունին երկու կորուստ։
Բարդ ժամանակներու մէջ ենք, մէկ կողմէ միջազգային ընդհանուր պրիսմակը կ՚եռայ եւ միւս կողմէ կարեւոր զարգացումներ կը կատարուին «իրանեան ճակատ»ին վրայ։ Եւ այս բոլորին զուգահեռ ահա Ատրպէյճանի բռնակալը անգամ մը եւս կը փորձէ գործի դնել բռնութիւնն ու ռազմական ճանապարհով հարցերը լուծելու իր մերժելի մօտեցումը։
Այս բոլորին մասին խօսած է մեկնաբան՝ Սագօ Արեանը դիտարկելով նաեւ, որ այս փուլին դժուար թէ Պաքու վայելէ Անգարայի ամբողջական նեցուկը կամ ունենայ գործողութիւններ կատարելու «կանաչ լոյս»ը։
Ան նաեւ կը դիտարկէ Ռուսիոյ դերը, սխալները ու իրավիճակներուն առընթեր ՀՀ իշխանութիւններուն առած անհրաժեշտ քայլերը։
Մնացածը՝ տեսանիւթին մէջ։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։