Անցնող ժամերուն Հալէպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ մեծ աշխուժութեամբ Սուրիոյ օրինական բանակը ռազմական հրասայլերու տեղաշարժի անցած է։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՝ «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքէն։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ բանակին պատկանող ռուսական T-90 տիպի թանկերու շարասիւններ հասած են Հալէպի հիւսիսային այն հատուածները, որ կը համարուին սահմանագիծ Անգարայի հովանաւորութեան տակ գործող ահաբեկչական հրոսակախումբերուն հետ։
Միւս կողմէ կը նշուի նաեւ, որ մինչ Սուրիոյ բանակը այս քայլերուն կը դիմէ, Անգարայի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ կը խօսին Սուրիոյ մէջ մասնակի ռազմական գործողութեան մը մասին, նպատակ ունենալով «վերացնել» քրտական ներկայութիւնը ի մասնաւորի Այն Իսայի, Թալ Թամրի եւ Թալ Ռիֆհաթի մէջ։
Անշուշտ այս առումով տակաւին վաղ է եզրակացութիւններու յանգիլը, սակայն գետնի վրայ եղող տեղաշարժերը ցոյց կու տան, որ շատ հաւանական է, որ Հալէպի ծայրամասային շրջաններուն մէջ որոշ զարգացումներ գրանցուին։
Չի բացառուիր նաեւ, որ ցանկացած ռազմական մագլցումի պարագային իրավիճակէն օգտուող հիմնական ուժը հանդիսանայ Սուրիոյ կանոնական բանակը, հաշուի առնելով պաշտօնական Դամասկոսի կողմէ այս առումով բազմիցս հնչած յայտարարութիւնները, որոնք կը միտին ապահովել Սուրիոյ տարածքային անվտանգութիւնը ու այդ առումով ալ կատարելու պիտանի ռազմական գործողութիւններ եւ «վիրաբոյժութիւններ»։
Պիտի մնանք հետեւող գալիքի զարգացումներուն։