image

Նոպէլեան Ստացողը Գիտնականը HDP-ի Պատգամաւորին Հօրեղբայրն է

Նոպէլեան Ստացողը  Գիտնականը  HDP-ի  Պատգամաւորին  Հօրեղբայրն է

  Թուրքիա-   Շուէտի  Նոպէլեան  Ակադեմիոյ կողմէ    այսօր մրցանակ     ստացած      գիտնականը  արմատներով  քիւրտ է: Այս  մասին  իմացանք  «Արեւելք»ի  Պոլսոյ աղբիւրներէն: Մեր  աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Ազիզ Սանքար        անցնող   7 Յունիսին HDP-ի ցուցակով  Թուրքիոյ  խորհրդարանի    անդամ  ընտրուած Միտհաթ  Սանքարի  հօրեղբայրն է: Նշենք, որ Սանքար   այսօր   ակաեդեմիոյ մէկ պատասխանատուին հետ հեռախօսային կապ ունենալով  յայտնած է, թէ  ինք  հպարտ է իր ինքնութեամբ: Ան նաեւ  նշելէ ետք   Օրհան Փամուքին անունը դիտել տուած է, թէ այսօր  Թուրքիոյ մէջ   իր   ստացած   մրցանակին համար մեծ տօնախմբութիւններ պիտի կատարուին: Նշենք, որ Սանքար  ծնած է 1946 թուականին  Թուրքիոյ  Մարտին  շրջանին  մէջ: