image

Նիւ Եորքի մէջ պիտի հանդիպին «միջուկային հնգեակի» երկիրները. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Նիւ Եորքի մէջ պիտի հանդիպին «միջուկային հնգեակի» երկիրները. Ռուսիոյ ԱԳՆ

«Միջուկային հնգեակի» յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի առաջին կոմիտէի նիստերու շրջածիրէն ներս, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովը։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:

Կը նախատեսուի, որ այն տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին։ «Միջուկային հնգեակի» մէջ կը մտնեն Ռուսիան, Մեծն Բրիտանիան, Չինաստանը, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան։

«Համապատասխան շփումները տեղի պիտի ունենան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի առաջին կոմիտէի շրջածիրէն ներս: Յստակ օրերը չեմ գիտեր, բայց սա յառաջիկայ երկու շաբաթուայ հարց է»,- լրագրողներուն ըսած է Ռիապքովը:

Փոխնախարարը յաջողութիւն մաղթած է Չինաստանին, որ ստանձնած է «միջուկային հնգեակի» համակարգողի իրաւունքները։ Ան վստահեցուցած է, որ Փեքինը կրնայ յոյս դնել Մոսկուայի աջակցութեան վրայ «դժուար ժամանակներուն»։

Ռիապքովը նաեւ յոյս յայտնած է, որ «արեւմտեան եռեակը» իրեն «գոնէ քիչ մը աւելի կառուցողական» կը դրսեւորէ։ 2023–2024 թուականներուն «միջուկային հնգեակ»ին մէջ  համակարգողի դերը Ռուսիոյ էր։