image

Նիկոլ Փաշինեանը աշխատանքային այցով կը գտնուի Վրաստան

Նիկոլ Փաշինեանը աշխատանքային այցով կը գտնուի Վրաստան

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Վրաստան: Տեղեկութիւնը յայտնած է վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ Թիֆլիսի միջազգային օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորած է Վրաստանի փոխվարչապետ, Տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման նախարար Լեւան Տաւիթաշվիլին:

Թիֆլիսի մէջ այսօր՝ յունուար 26-ին, պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը:

Կառավարութենէն յայտնած են, որ նախատեսուած է նաեւ վարչապետ Փաշինեանի առանձնազրոյցը Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ։