image

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան մեկնած են Ուաշինկթըն

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան մեկնած են Ուաշինկթըն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, տեսանիւթ հրապարակած է ինսթիկրամեան իր էջով, ուր տեղեկացուցած է, որ օդանաւին մէջ է ամուսնոյն՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, եւ կը մեկնին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ Ուաշինկթըն:

Աննա Յակոբեան յայտնած է, որ երկար ժամանակ հասանելիութիւն պիտի չունենայ համացանցի կապի եւ հնարաւորութիւն պիտի չունենայ շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց, որոնք յիշած են իր տարեդարձը:

«Երախտապարտ եմ բոլորին շնորհաւորանքների եւ մաղթանքների համար: Ուզում եմ ասել, որ սիրում եմ բոլորիդ: Լաւ մնացէք, մինչեւ վերադառնանք»,-  տեսանիւթով ըսած է Աննա Յակոբեան: